ԱՒԱԶԸ ՎԱՐՍԱԿԻՆ ՉԻ ՓՈԽԱՐԻՆԵՐ
1955 թուականին Խորհրդային Միութեան ղեկավար Խրուշչեւը սկսաւ, այսպէս կոչուած, «եգիպտացորենային» արշաւին, որու նպատակն էր՝ հնարաւոր բոլոր տեղերուն մէջ ցորենը փոխարինել եգիպտացորենով: Իւրայատուկ «կարգոյ պաշտամունք» մըն էր սա, որուն հիմքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փորձն էր: Այդ երկրի գիւղատնտեսութեան մէջ, ինչպէս յայտնի է, եգիպտացորենը (որուն աճեցման ինքնարժէքը տեսականօրէն աւելի ցած է) շատ կարեւոր դեր կը խաղայ, սակայն Խորհրդային Միութեան մէջ ո՛չ հողը, ո՛չ կլիմայական պայմանները, ո՛չ ալ դարերով ձեւաւորուած գիւղատնտեսական աւանդոյթները բարենպաստ չէին այդ բոյսի նման ծաւալներով արտադրութեան համար: Խրուշչեւվի նախաձեռնութիւնը զգալի վնաս հասցուց Խորհրդային Միութեան տնտեսութեան։
Այս պատմութիւնը յիշեցի՝ լսելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի առաջարկը՝ ցորենը բրինձով փոխարինելու մասին: Ըստ այդմ, ցորենը ռազմավարական ապրանք է (Ռուսաստանէն կախուածութեան գործօն է), իսկ բրինձը՝ ոչ: Փորձենք հասկնալ, իրօ՞ք այդպէս է:
2023 թուականին Հայաստան ներածուած էր 396,4 հազար թոն հացահատիկ, որուն 292,8 հազար թոնը ցորեն էր: Ռուսաստանէն էր այս ներմուծման գրեթէ 100 տոկոսը, որ կը սպասարկէր մեր կարիքներու 75 տոկոսը: Հետեւաբար, մենք կ՚արտադրենք մեր կարիքներու 25 տոկոսը եւ այդքանով կախեալ չենք ներածումէն։
Իսկ ինչքանո՞վ կախուած ենք բրինձի ներածումէն: Գրեթէ 100 տոկոսով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ, նոյն հողային եւ կլիմայական պայմաններէն ելլելով, արդիւնաբերական ծաւալներով բրինձ չ՚արտադրուիր։ Հետեւաբար, բրինձը մեզի համար աւելի «ռազմավարական» ապրանք է: Անցեալ տարի մենք 18 հազար թոն բրինձ ներածած ենք Հնդկաստանէն, Ղազախիստանէն եւ նոյն Ռուսաստանէն: Ալ չխօսինք այն մասին, որ բրինձէ կարկանդակը Հայաստանի մէջ դժուար թէ աւանդական հացը փոխարինէ։
«Աւազը վարսակի վատ փոխարինող է» (Sand is poor substitute for oats), կ՚ըսէ Օ՚Հենրիի հերոսներէն մէկը: Արձանագրում մը, որ զինք կը ստիպէ կեանքի բաւականին ցինիկ ճանապարհ մը ընտրել: Ես, բնականաբար, ցինիկ ըլլալու կոչ չեմ ըներ, պարզապէս ազգային անվտանգութեան հարցերուն մէջ ցանկալի է քիչ մը աւելի իրատես ըլլալ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի