Ս. ՊԱՊԻՆ ԵՐԱԽՏԻՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Վատիկան, ուր ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Դէպի Սուրբ Աթոռ ուղեւորութեան ընթացքին վարչապետին ընկերացան՝ կողակիցը Աննա Յակոբեան եւ փոքր դուստրը Արփի Փաշինեան։ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սրբազան Պապի առանձնազրոյցը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, որու մուտքին զուիցերական պահակախումբը ողջունեց վարչապետին ժամանումը։
Առաքելական պալատի առանձնազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան Սրբազան Պապին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն համար։ Վարչապետը շեշտեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ գտնուիլ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ առանձնայատուկ միջպետական յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են։ Հայաստանի մէջ մշտական նուիրակի մը նշանակումը զգալի յառաջընթաց կ՚ըլլայ բարեկամական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը Սուրբ Աթոռին՝ միջազգային հարթակներու վրայ խաղաղութեան օրակարգի սպասարկման եւ այս ուղղութեամբ համատեղ հանդէս գալու եւ գործելու հարցով։
Նիկոլ Փաշինեան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Ան վերահաստատեց իր գլխաւորած կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Երեւան վճռական է յանուն խաղաղութեան իր նպաստի բաժինը բերելու։
Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ նիւթեր։
Առաքելական պալատի գրադարանի դահլիճի առանձնազրոյցը տեւեց շուրջ կէս ժամ։ Աւելի վերջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց նաեւ Աննա Յակոբեանը՝ մինչ տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Նիկոլ Փաշինեան-Աննա Յակոբեան ամոլը, Սրբազան Պապէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, այցելեցին նաեւ Վատիկանի թանգարանները՝ ծանօթանալով ներկայացուած ցուցանմոյշներուն։ Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն մօտ՝ որոնք կը գտնուին Սուրբ Պետրոսի տաճարի շրջափակին։