«ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻՒՏԸ ՎԵՐՍՏԻՆ. ԱՐԽԻՒՆԵՐ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»
Կը տեղեկանանք, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը այս շաբաթավերջին կը կազմակերպէ միօրեայ ասուլիս մը։ «Պատմութեան գիւտը վերստին. արխիւներ, յիշողութիւն եւ քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս փանելը նախատեսուած է երկու նիստի ձեւաչափով։ Նախաձեռնարկ հիմնարկի հաւաքատեղիին մէջ պիտի ծաւալուին քննարկումները՝ Այֆէր Պարթու Ճանտանի մականին ներքեւ։ Նախատեսուած է իր ելոյթը բացման փուլին։
Ըստ կազմակերպիչներուն՝ քննարկումներու ընթացքին խոշորացոյցի տակ պիտի բերուին արխիւներու վերաբերեալ բարդ քաղաքականութիւնն ու անոնց հաւաքական կամ անհատական յիշողութեան պարագային պայմանաւորած նոյնքան բարդ յարաբերութիւնները։ Տեսական վէճեր, տարբեր ոլորտներու կամ գիտաճիւղերու դէպքեր եւ արխիւային հետազօտութիւններու բնոյթը… Աւելին, նիւթի ընտրութիւնը, դասաւորումը եւ հասանելիութեան վերաբերեալ ուժային յարաբերութինները այս նիւթի ամբողջին մէջ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Պատմական պատումներու պահպանման ու մեկնաբանման ճանապարհին արխիւներու եւ անոնց գործադրութեան դերակատարութիւնը եւս ասուլիսի օրակարգին վրայ տեղ կը զբաղեցնեն՝ վայրագութիւններու եւ պատերազմներու կապակցութեամբ արխիւներու իմաստն ու բնոյթը կը բիւրեղացնեն։ Յիշողութեան եւ արխիւներու միջեւ փոխադարձ հիմնարար յարաբերութիւնը կը դասուի հարցի էական երեսակներու շարքին՝ ներկայացուցչական, իշխանական եւ ընկերային արդարութեան, նաեւ պատմական հաշուետուողականութեան ազդեցութիւններուն առումով։
Փանելի ծրագրին վրայ մասնաւոր զեկուցում մը նախատեսուած է՝ «Հայկական վաքըֆներու արխիւին վրայով հայկական ժառանգութեան հետքին հետեւիլ» խորագրով։
Ասուլիսը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ նաեւ տեսանիւթերու վրայ։ Այսպէս, «Խօսուածէն ու գրուածէն անդին. լուսանկարներու արխիւի վրայով նայիլ վայրագութեան ու պատերազմին» խորագրեալ զեկուցում մըն ալ ընդգրկուած է յայտագրին վրայ։
Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ ձեռնարկի ընթացքին թրքերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ թարգմանութիւն նախատեսուած է։