ՆՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԶԱՆՔԸ
Եթէ ՔՊ-ականներուն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) հարցնես, ապա 2018-2023 թուականներուն Արցախի հետ կապուած ամէն ինչ հոյակապ էր, այդ հայկական պետութիւնն ու անոր բնակիչները ոչ մէկ խնդիր ունէին, Փաշինեանի խումբի հմուտ ղեկավարութեամբ կը փթթէին ու կը բարգաւաճէին։ Եւ յանկարծ տարի մը առաջ իշխանութեան եկաւ չարամիտ Սամուէլ Շահրամանեանը, որ ռուսական լրտես կամ «5-րդ շարասիւն» ըլլալուն պատճառով՝ որոշած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լուծարել։
ՔՊ-ականները առանց կարմրելու կը ներկայացնեն իրադարձութիւններու երեւակայական այս վարկածը. պատում մը, որ արդէն կարելի է ներառել պատմութեան դասագիրքերուն մէջ:
Բայց խնդիրն այն է, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը հաւատայ այդ ցինիկ, անմարդկային (120 հազար արցախցիները նուաստացնող) սուտին, պատրաստ է այդ սուտը կրկնել ու անոր համար կռիւ տալ: Հետեւաբար, ողբերգութիւնը այն չէ, որ քաղաքական գործիչները սուտ կը խօսին, քանզի իրենց «մասնագիտութեան» առանձնայատկութիւնն է ատիկա. ողբերգութիւնը այդ սուտը հիմնական զանգուածին «կերցնելու» յաջողութիւնն է։
Երկխօսութիւն թաքսիի մէջ. «Նիկոլը ժողովուրդին մասին մտածող մարդ է, ան թոյլ չի տար, որ թուրքը մեր երկիր գայ». «Բայց թուրքը արդէն եկած է մեր երկիր՝ Ջերմուկ եւ այլ տեղեր». «Ես Երեւանի մասին կը խօսիմ»:
Պէտք է առարկայանօրէն գնահատել Փաշինեանի գործունէութիւնը եւ անոր մատուցել արժանին. ան շատ լաւ հասկցած է, թէ ինչ կ՚ուզէ հայաստանցիներու մեծամասնութիւնը՝ իսկապէս կ՚ուզէ, ո՛չ թէ բարձր ամպիոններէ կամ կենացներու ժամանակ կը կրկնէ: Եւ նուիրական այդ ձգտումները վարչապետը վերջերս յստակօրէն ձեւակերպած է հրաշալի բանաձեւի մը մէջ՝ «այստե՛ղ հաց ու այստե՛ղ կաց»:
Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր առասպելը՝ այդ բառի չէզոք, «ոչ գնահատական» իմաստով: 1998-2018 թուականներուն այդ առասպելը, պայմանականօրէն, «Պաքուի մէջ թէյ խմելն» էր: 2018-2020 թուականներուն, որոշակի ձեւափոխութիւններով՝ պահպանուած էր: 2020-էն ետք այդ առասպելը, հասկնալի պատճառներով, վերացաւ եւ ձեւաւորուեցաւ նոր առասպել մը, որուն բովանդակութիւնը «Ամբողջական բթացումն է»։
Ի՞նչը կը խանգարէ այդ նոր «ազգային երազանքի» իրականացումը։ «Նախկինները», ռուսերն ու ղարաբաղցիները: Եւ ահա կրնանք արձանագրել, որ Հայաստանի վարչապետին ձեւակերպած այդ նոր առասպելը, 100 տոկոսով հնչականութեան մէջ է «ժողովուրդին» (այսինքն՝ քաղաքացիներու մեծամասնութեան) տրամադրութեան հետ:
Այս է իշխանութեան «շռնդալից յաջողութեան» գաղտնիքը:
…Վերջերս ընկերներէս մէկը առաջարկած էր մտածել հետեւեալ հարցի շուրջ. ինչո՞ւ 2018 թուականէն ետք մենք յայտնուեցանք աւելի մեծ (եթէ ճշգրիտ բառը օգտագործենք) փորձանքի մէջ՝ քան այն, որուն մէջ էինք մինչ այդ: Կարծեմ՝ նախորդ շարադրանքը մեզ կը մօտեցնէ այս հարցի պատասխանին:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի