Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԽՈՐԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքը։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երեւան եւ Պերլին այս շրջանին գործընկերութիւնը խորացնելու որոնումներու մէջ են։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի թէ՛ երկկողմանի հարթութեան եւ թէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Միրզոյեան Պերպոքին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի վերջնականացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024