«ԶԱՀՐԱՏ-100» ՀԱՏԸՆՏԻՐԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ԿՐԿՆՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ կրկնուեցաւ «Զահրատ-100» հատընտիրին շնորհանդէսը։ Անմոռանալի բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած է այս հատորը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Երէկուան ձեռնարկն ալ հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Աթոռի Հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։ Այս փուլին ալ յայտագրի առանցքը կազմեցին՝ Երեւանէն այս շնորհանդէսներու շարքին համար ժամանած հիւրերուն ելոյթները։ Այսպէս, տքթ. Յակոբ Այնթապլեան, «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սուզաննա Խոջամիրեան, մեներգչուհի Լուիզա Երամեան եւ Վահագն Զաքարեան ստանձնած էին ծրագրի առիւծի բաժինը։
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին հանդիսավարն էր Դալար Պաղտասարեան։ Թէ՛ համայնքային հինգ լիսէներու եւ թէ հիւրընկալ Տատեան վարժարանի սաները եւս դեր ստանձնած էին ծրագրին մէջ եւ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ծափահարուեցան նաեւ Արթիւր Պաղտասարեանի մեներգները։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։
Պաքըրգիւղի ընտանիքի եւ Տատեան վարժարանի պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք յայտագրի աւարտին համախմբուեցան՝ հոգեճաշի սեղաններու շուրջ, որոնք սարքուած էին համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեամբ։