ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնական ամոլը կը կազմէ՝ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ իրեն յատուկ օրէնքներով օժտուած մտերմիկ հասարակութիւն մը՝ կեանքի եւ սիրոյ։ Ան հաստատուած է կողակիցներուն «ուխտ»ին վրայ, այսինքն անոնց անձնական եւ անյետսկոչելի հաւանութեան վրայ։ Միութիւն մը՝ որուն հիմերն են՝ սէր, ուրախութիւն, հաւատարմութիւն եւ հանդուրժողութիւն։ Միութիւն մը՝ որուն անդամները իրար կ՚ամբողջացնեն։ Ամուսնական ամոլին ներուժն է՝ զոհողութեան ոգին, կերպով մը անձուրացութիւն։ Ուստի երկուքն ալ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ իրենք զիրենք իրարու կու տան ամբողջովին եւ վերջնականապէս։

Անոնք այնուհետեւ երկու չեն, այլ կը կազմեն մէկ մարմին։ Ամուսիններուն կողմէ ազատօրէ՛ն կնքուած այս ուխտը կը պարտաւորէ զանոնք պահպանելու զայն մի եւ անլուծելի՛։ Ուստի. «Ի՛նչ որ Աստուած միացուց՝ մարդը թող չբաժնէ». (ՄԱՐԿ. Ի 9)։

Հաւատարմութիւնը առաքինութիւն է։

Զոր օրինակ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին հասարակաց հանդիսութեան մասնակցութիւնը վկայութիւն մըն է հաւատացեալին պատկանելիութեան եւ հաւատարմութեան Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին։ Հաւատարմութեամբ հաւատացեալները կը հաստատեն եւ կը հաւաստեն իրենց հաղորդակցութիւնը հաւատքին եւ սիրոյ։ Անոնք միասին կը վկայեն, թէ Աստուած սուրբ է եւ թէ իրենք յոյս ունին փրկութեան։

Անոնք փոխադարձաբար զիրար կ՚ոգեւորեն առաջնորդութեան տակ Սուրբ Հոգիին։

Արդարեւ, Աստուած յայտնելով Ինքզինք մարդուն, միանգամայն կը յայտնէ Իր հաւատարմութիւնը՝ որ միշտ կայ եւ ցմիշտ է, ի զօրու է նաեւ անցեալի համար։ Աստուած տիպա՛րն է հաւատարմութեան, քանի որ Ան միշտ կայ, միշտ ներկայ՝ Իր արարածներուն մօտ, փրկելու համար զանոնք։ Եւ այս անթերի եւ կատարեալ հաւատարմութեան, ի դիմաց Աստուծոյ առինքնող եւ խորհրդաւոր ներկայութեան, մարդ իր փոքրութիւնը կը տեսնէ։

Արդարեւ, հաւատարմութիւնը՝ «հասարակաց միտք» մը կը ստեղծէ անձերու մէջ, որուն միջոցով մարդիկ կը վստահին եւ կ՚ապաւինին իրարու։

Աստուած ակունքն է ամէն ճշմարտութեան։

Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է։ Անոր Օրէնքը ճշմարտութիւն է։ Քանի որ Աստուած ճշմարտութիւն է՝ մա՛րդն ալ պարտի ապրելու ճշմարտութեան մէջ, եւ ճշմարտութիւնը կ՚իրականանայ հաւատարմութեան առաքինութեան մէջ։ Ան՝ որ ճշմարտութիւն է, պէտք է հաւատարիմ ըլլալ անոր։

Այս իմաստով, հաւատարմութիւնը կ՚արտայայտէ հաստատամտութիւնը տրուած խօսքին պահպանումին մէջ։ Աստուած հաւատարիմ է։ Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ հաւատարմութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ ան հաստատ կապն է այդ յարաբերութեան։ Արդարեւ, մարդկային խոհեմութեամբ, մարդկային ողջամտութեամբ մարդիկ հաւատարմութեան վկայութիւնը կու տան աշխարհի։

Հաւատարմութեան առաքինութեամբ մարդ իր նմանը կ՚առնէ իր թեւերուն մէջ, ապահով եւ կը սիրէ զայն եւ կը նախընտրէ զայն իր կեանքէն աւելի։ Որովհետեւ, հաւատարմութիւնը՝ համակրական հասկացողութեան արտայայտութիւն մըն է. վստահութեան եւ ապաւէնի զգացումի արդիւնք։ Քանի որ ներկայ կեանքը ոչինչ է. սակայն մարդուն նպատակն է ապահով ըլլալ։ Եւ մարդ այդ ապահովութիւնը երբ գտնէ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք եւ հաւատարիմ կը մնայ երջանկութեան ակունքին։

Եբրայեցերէնի մէջ «Ամէն» բառը կ՚առընչուի «հաւատալ» բառին արմատին հետ։ Այս արմատը արտայայտութիւնն է «ամրութեան», «վստահելիութեան», «հաւատարմութեան»։ Այսպէս հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչու «Ամէն» բառը կրնայ նաեւ ըսուիլ մեզի հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին, ինչպէս նաեւ մարդուն վստահութեան մասին՝ Անոր հանդէպ։

Աստուած՝ հաւատարիմ, երկայնամիտ եւ բազումողորմ, մտերմութիւն կը հաստատէ մարդուն հետ, եւ մարդ այս յարաբերութենէն կամքի ուժ եւ հաստատակամութիւն կը քաղէ։

Աստուած սէր է, Ան ուրեմն արդար եւ հաւատարիմ է. Ան չի կրնար Ինքզինք հակասել, եւ Ան երբեք չի լքեր «մարդ»ը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 17, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2024