ՄԱՀ՝ ՆԱԶԱՐ ՊԻՒՅԻՒՄԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ։ Բօթը լայն արձագանգ գտած ու խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։

Նազար Պիւյիւմ հրատարաչական կեանքէ ներս Թուրքիոյ առանցքային դերակատարներէն մին եղած էր՝ իր հիմնած «Ատամ» հրատարակչութիւնով։ Ան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առաջին շրջանաւարտներէն էր եւ իբր այդ մեծ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։

Նազար Պիւյիւմ հրատարակչական գործունէութեան առընթեր հրապարակագրական գործունէութիւն ալ ծաւալած էր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024