ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀԻԼ ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՒԻՆԻԼ
«Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է, Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար, վահան է». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 30)։
Վերոյիշեալ Սաղմոսը կ՚ընդունուի որպէս «դատաւորական» կամ «մեսիայական» սաղմոս։
Արդարեւ, աշխարհային ոչ մէկ արժէք, հարստութիւն կամ զօրութիւն երբեք չի՛ խոստանար, չի՛ կրնար խոստանալ կատարեալ ապահովութիւն, վստահութիւն։ Հարստութիւն եւ զօրութիւն բաւարար չեն մարդուս պահանջները գոհացնելու եւ անոնց պատասխանելու կատարելապէս բայց միա՛յն Աստուած՝ Ամենակարողը, Ամենատեսը, Ամենաիշխանը։ Որովհետեւ, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն, Աստուծոյ ճամբաները կատարեալ են, չեն շեղիր եւ միշտ անվտանգ են՝ վստահելի եւ ապահով։
Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, մեր սովորական խօսքերը չեն կրնար մեզ մերձեցնել Յիսուսի, այնքան ատեն որ մենք կ՚անտեսենք, կը մոռնանք զԱյն։
Մինչդեռ Յիսուս միշտ մօտ է մեզի, բա՛ւ է որ հաւատքով եւ սիրով, անկեղծ մօտենանք եւ դիմենք Իրեն։
Եւ երբեմն մեր ամէնօրեայ զբաղումներուն տարուելով, աշխարհային մտահոգութիւններու մէջ, պահանջներու յորձանքին տակ կը մոռնանք Յիսուսը, կը մոռնանք ճշմարիտ վստահելին, իսկական ապաւէնը եւ չենք դիմեր Անոր, որ պատրա՛ստ է մեզի ձեռք երկարելու՝ մեզ վեր կանգնեցնելու, կանգուն պահելու, բժշկելու եւ ապահով ճամբաներ առաջնորդելու։
Բնութեան Տէրն է Աստուած՝ Արարիչը եւ Նախախնամը։ Եւ Աստուծոյ վստահութեան օրինակ մըն է. «արիւնահոսութիւն ունեցող կնոջ բժշկութիւնը». (ՂՈՒԿ. Ը 43-48), եւ յետոյ Յայրոսի աղջկան հոգիին վերադարձը. (ՂՈՒԿ. Ը 49-57)։ Անոնք հաւատացին, վստահեցան, ապաւինեցան եւ յանձնուեցան Յիսուսի, եւ բժշկուեցա՛ն։ Ուրեմն, այս հրաշքները եւ Սաղմոսի վերոյիշեալ հատուածը սերտ կապակցութիւն ունին իրարու։ Անվարան, առանց տարակուսելու, առանց երկմտելու վստահիլ եւ դիմել Յիսուսի՝ Աստուծոյ եւ ընդունիլ մեր արդար պահանջներու փոխարէնը։
Արդարեւ, Աստուծոյ Խօսքը վստահելի է. անոր մէջ սուտ եւ սխալ չկա՛յ. ճշմարիտ է եւ անոր մէջ միայն ճշմարտութիւն կա՛յ։
Բայց համբերութիւնը անհրաժե՛շտ է. արիւնահոսութիւն ունեցող եւ բժշկուող կինը տասներկու տարի համբերութեամբ սպասեց Յիսուսի եւ բժշկուեցաւ։ Նոյնն է պարագան երեսունութ տարի համբերող հիւանդին բժշկութիւնը Բեթհեզդա աւազանին մէջ, Յիուսի մէկ խօսքով. «Ա՛ռ մահիճդ, ե՛լ եւ քալէ՛». (ՅՈՎՀ. Ե 1-9)։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւնն իսկ է. վստահելի եւ հատու, վճռակա՛ն։ Ուստի «չար աշխարհ»ի չար խօսքերուն պէտք չէ վստահիլ, եւ անոնցմէ սպասել որեւէ բարի բան։ Պէտք չէ հաւանիլ անոնց…
Այս պատճառով մեր հոգերը, մեր պահանջները, մեր պէտքերը պէտք է ներկայացնենք Յիսուսի, վստահինք եւ ապաւինինք եւ յանձնուինք Անոր։ Բայց անկեղծութիւնը, ինչպէս միշտ, ան-հըրաժեշտ է, քանի որ Աստուած ամենատես է եւ ամենագէտ, եւ կարելի չէ ծածուկ պահել որեւէ բան Անոր գիտութենէն։
Մեր բազմաթիւ նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն հոգերուն մէջ կը գտնուին զանազան ճամբաներ՝ որ կը կարծենք, թէ մեզ պիտի կարենան փրկել մեր նեղութիւններէն։
Ընտրութիւնը պէտք է լաւ եւ շիտակ կատարել, Տիրոջ ճամբան ընտրել թէեւ դժուար է, բայց ապահով է, փրկարար է եւ միակ դարման։
Եւ այս ճամբով՝ վստահիլ Խօսքին, հետեւիլ այդ ճամբուն ցոյց տուած ընթացքին։ Միայն Իրեն ապաւինիլ եւ Իրմէ սպասել եւ գիտնալ, թէ աշխարհային ամէն ճամբայ միայն միջոցներ են ճշմարիտ եւ ապահով ճամբուն հասնելու։ Միշտ կրկնենք սաղմոսերգուին հետ. «Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս եւ փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս եւ իմ փրկութեանս եղջիւրը եւ իմ բարձր աշտարակս է…». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 1-2)։ Որովհետեւ. «Տէրը իմ հովիւս է եւ բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ…». (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1)։
Վստահինք, ապաւինինք եւ յուսա՛նք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նորեմբեր 22, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024