ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Համայնքային շրջանակները երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ ժամադրուած էին՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Մասնակիցներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան, քաղաքապետական խորհուրդէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ, հասարականան գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Գարէն Թէրզեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, ատենադպրուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտներուն ելոյթները բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծեցին։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ յուշանուէր մը պատրաստուած էր Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանին՝ թաղէն ներս երկարամեայ ու երախտաշատ ծառայութեան համար։

Հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցան Սեւան Սվաճըօղլու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Հարկ է նշել, որ հանգանակութեան արդիւնքին Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած տարեկան պիւտճէի բացի հազիւ կէսը ապահովուած է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024