Հինգշաբթի 5, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը հանգստութիւն եւ կայունութիւն պիտի ապահովէ տարածաշրջանին։
Երէկ, Եաշար Կիւլէր Ազգային մեծ ժողովէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ՝ 2025 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումներու ծիրէն ներս։ Այս առթիւ ան հերթական անգամ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան։ «Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ Կովկասէ ներս տարածաշրջանային խաղաղութիւն ու կայութիւն ձեռք կը բերուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրով», ըսաւ ան։
Հարկ է նշել, որ Եաշար Կիւլէր վերջերս այցելած էր Պաքու, ուր հերթական անգամ խօսած էր «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման մասին։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024