ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանը, որու ընկերացան Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Լիանա Սահակեան-Էօզպիւլպիւլ։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալները խմբագրատունս այցելեցին հանրային կարծիքը լուսաբանելու առաջադրութեամբ։ Դպրոցը 138 տարիէ ի վեր կը գործէ եւ պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս ունի առանձնայատուկ դիրք մը։
Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները երէկ մեզի բացատրութիւններ տուին խնամակալութեան ծաւալած գործունէութեան շուրջ՝ մանաւանդ, որ մշտական հասութաբեր աղբիւրներ ապահովելու ուղղութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրուին։ Կեդրոնականի կարիքները արդէն յայտնի են համայնքին եւ անոր արդի պատմութեան մէջ՝ այդ կարիքներու դիմագրաւման առումով կ՚առանձնանայ հաստատութեան երիցագոյն սաներէն, յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան, որ երկու տասնամեակէ ի վեր կը գլխաւորէ սիրոյ սեղանի կարգադիր յանձնախումբը։ Խնամակալութեան ներկայացուցիչները համայնքային շրջանակներուն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ընդհանուր զօրաշարժի մը մթնոլորտին մէջ այս տարի եւս զօրակցութիւն ցուցաբերուի Կեդրոնական վարժարանին, որ միշտ կ՚արդարացնէ իրեն համար տրամադրուած միջոցները։
Հուսկ, խնամակալները ընդգծեցին, որ Կեդրոնականի ընտանիքին տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունի նաեւ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու ներգրաւումը՝ դպրոցի զօրակցութեան արշաւին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024