ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ Ո՞ՒՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ
Երբեք հարցուցա՞ծ էք, թէ ուր կ՚երթայ մարդկութիւնը: Եթէ հարցուցած էք, առանձին չէք: Հաւանաբար մեզմէ շատեր պատասխանած են այս հարցման՝ ըսելով, որ «մարդկութեան ընթացքը լաւ չէ»: Դաժանութիւնը, կռիւը, բռնութիւնն ու անարգանքը շրջապատած է ամէնուրեք։
«Ո՞ւր կ՚երթայ մարդկութիւնը». այս հարցումը ենթակայական է ու անպայման այլ պատասխան մը ունի բոլորի համար։ Մինչդեռ մարդը ամէն առիթով կը պարծենայ, որ խելքով ու կամքով միակ արարածն է երկրի վրայ եւ կը շրջի այնպէս, կարծես աշխարհի տիրակալն է եւ իր միակ առաքելութիւնն է աշխարհը կենդանի պահել, հասկնալ կեանքի նպատակը։
Երջանիկ ըլլալու եւ երջանկացնելու համար ան իսկապէս կ՚ընէ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է աշխարհին եւ ուրիշներուն: Մինչդեռ մարդու ներքին ձայնը զգացնել կու տայ իր ներկայութիւնը, իսկ մարդուն կը մնայ կամ լսել զայն, կամ ալ նուազեցնել անոր ձայնը եւ գործել անտարբեր ու դառնալ «եսասէր»: Ընտրութիւնը լիովին կախեալ է անհատէն: Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը գիտէր այս մէկը, սակայն կը թաքնուէր այն արդարացման ետին, որ սա իր բնոյթն է, քանի որ աւելի դիւրին էր ժխտել իր ներքին ձայնին իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Եւ, այնուամենայնիւ, ան հարուածով մը կը կտրէր իր խղճի ձայնալարերը։
Ընդհանրապէս, մարդիկ կը նախընտրեն իրենց կեանքը անցընել իրենց անհատական էկոյի եւ խորամանկութեան առաջնորդութեան ներքեւ: Մարդիկ ապրեցան շռայլօրէն, կարծես երկրորդ հնարաւորութիւն ունէին։ Այնքան, որ անընդհատ երկարաժամկէտ ծրագրեր կը հետապնդէին, երբ վաղուայ օրուայ երաշխիք չկար։ Անոնք այժմ սէրը, ընկերութիւնը եւ վստահութիւնը կը համարէին որպէս թոյլ կողմեր։ Անոնք նոյնիսկ ուշադրութիւն չէին դարձներ հոգին բաւարարելու, ինչպէս իրենց ֆիզիքական հաճոյքները բաւարարելու։
«Քմահաճոյքի կախուածութիւնը», որ այսօր անողոք կերպով կը շրջապատէ մարդկութիւնը, մարդը մարդ կը դարձնէ։ Այս պատճառով մենք կը հարցնենք՝ ո՞ւր կ՚երթայ մարդկութիւնը։ Իրականութեան մէջ ակնյայտ է, թէ ուր կ՚երթայ:
Եթէ նայինք ընկերային հարթակներուն եւ որոշ հեռուստատեսային լրատուական միջոցներուն, ժապաւէններուն, ամսագրերուն եւ քննարկման ծրագրերուն, որոնք կը սնուին այդ ցանցերէն՝ պարտադրելով քմահաճոյքի կապուած կեանք, ապա կրնանք տեսնել, թէ ուր կ՚երթայ մարդկութիւնը: Լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը պատերազմներու մասին լուրեր կը հաղորդէ: Անոնք կը փնտռեն իրենց համար շահոյթ ստանալու հաճոյքն ու արագութիւնը՝ ջախջախելով մարդկութեան բոլոր արժէքները եւ ոչնչացնելով մարդկային առաքինութիւնները՝ իրենց դրամապանակը լեցնելու եւ մշտական հաճոյք ստանալու համար, անկախ անկէ, թէ ուրկէ եւ ինչպէս կու գայ:
Փառասիրութիւն, ագահութիւն, զայրոյթ, խանդ, ապօրինի աշխատանքի եւ անոնց վրայ հիմնուած սպառման մոլեգնութիւնը եւ տիրապետման ճգնաժամը, անկախ հանգամանքներէն, կարեւոր տուեալներ են, որոնք ցոյց կու տան, որ մարդկութիւնը կը գտնուի անդունդի եզրին։
Աղքատութիւնն ու զրկանքը առանձին խնդիրներ են... Մարդկութիւնը միշտ ալ լաւ չէ եղած, բայց հիմա չափազանց վատ դարձած է։ Նայեցէք անցեալին, մարդկութեան պատմութեան ընթացքին միշտ եղած են ճնշումներ, բռնութիւններ, կռիւներ եւ խնդիրներ: Անոնք, որոնք զիրար սպաննեցին թիզ մը հողի համար, իսկ հիմա կը պայքարին, որովհետեւ քաղաքային վերափոխման ժամանակ իրենց բնակարանը կը փոքրանայ մէկ մեթրով:
Թէեւ որոշ բաներ կը փոխեն իրենց ձեւը, բայց վարքագիծը հիմնականին մէջ նոյնը կը մնայ: Մարդիկ չեն կրնար բաւարարուիլ, երբ խօսքը կը վերաբերի սեփական շահերուն, անոնց ցանկութիւնները երբեք չեն աւարտիր: Թէեւ սնունդը, բնակարանը բաւարար են ոմանց, սակայն կայ զգալի խումբ մը մարդոց, որոնք կ՚ուզեն աւելին եւ կ՚ոչնչացնեն զիրենք շրջապատողները: Մարդ արարածը իր էութեան մէջ կը պարունակէ թէ՛ լաւ եւ թէ վատ կողմեր:
Ի վերջոյ, մարդիկ չեն փոխուիր։ Այն ընկերային քայքայումը, որ երկու հարիւր տարի առաջ իր գիրքերու մէջ նկարագրած եւ բողոքած է մարդու հոգեբանութիւնը լաւագոյնս վերլուծող հեղինակ Տոսթոյեւսքին, ապագային գոյութիւն ունեցաւ այնպէս, ինչպէս այսօր։
Ի՞նչ կրնանք ընել այս իրավիճակի մէջ: Այսօր կարելի է ըսել, որ թեքնոլոժիի ու գիտական զարգացումներու շնորհիւ մենք աւելի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ կ՚ապրինք, քան մեր նախնիները։ Մենք կրնանք հոգ տանիլ մեր մասին՝ առանց մոռնալու, թէ ընդամէնը մասնիկ մըն ենք ամբողջ տիեզերքի մէջ։
Մենք չենք կրնար լիովին օգուտ քաղել մեր միջավայրէն՝ առանց վերահսկելու մեր եսը, գիտակցելով մեր սեփական թոյլ կողմերը, գտնելու մեր ներքին խաղաղութիւնը եւ մենք մեզ ամէն իմաստով կրթելու:
Մենք պէտք է կեդրոնանանք խնդիրներ ստեղծելու փոխարէն խնդիրները լուծելու, սպառելու փոխարէն արտադրելու, անընդհատ բացասականութիւն տեսնելու փոխարէն գնահատենք դրական զարգացումները եւ ատելութիւնը սիրով փոխարինելու վրայ, որպէսզի հակամարտութիւնները նուազին։ Անհեթեթ խօսելու եւ անընդհատ բացասական քննադատութեան փոխարէն պէտք չէ՞ քայլեր ձեռնարկենք եւ ընենք այն, ինչ որ կրնանք յանուն մարդկութեան։
Եթէ նուաճենք առանձին մարդու մը, կենդանիի մը, ծաղիկի մը սիրտը, միթէ բարի գործ չե՞նք ըներ մարդկութեան համար: Եթէ ընդունակ չենք մենք մեզ բան մը ընելու, պէտք չէ՞ սատարենք մարդկութեան համար օգտակար գործ ընողներուն։ Եթէ լաւ մտադրութիւնները չդիտարկուին որպէս միամտութիւն, յիմարութիւն, մարդկութիւնը կրնա՞յ քայլ մը յառաջանալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ