ՇԱՐԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՕՍՔ
Բառերը, առանձին առնուած, միտք մը չեն արտայայտեր։ Ուստի, բառերը եթէ զատ զատ առնելու ըլլանք, միտք չեն արտայայտեր, այլ անոնք առանձին հասկացութիւններ են։ Սակայն բառերը իրարու հետ որոշակի օրէնքներով կապակցելով կը ստանանք «նախադասութիւն» մը՝ որ ամբողջական իմաստ կը ստանայ եւ միտք մը կ՚արտայայտէ։
Երբ երկու նախադասութիւններ իրարմէ անջատ արտասանենք, անոնք կը համարուին անկախ նախադասութիւններ։ Սակայն կրնանք զանոնք իրարու հետ կապել «եւ»ով կամ «ու»ով, այն ատեն կ՚ունենանք մէկ նախադասութիւն։
Այս պարագային, երբ շաղկապով մը կը կապենք երկու նախադասութիւններ եւ կը ստանանք մէկ նախադասութիւն, որ այն իմաստը չունի, ի՛նչ որ ունի նախորդ երկուքը առանձին առանձին։
Ահաւասիկ, այդ երկու նախադասութիւնները իրարու հետ կապուեցան «շարահիւսական» որոշ օրէնքներով։
Օրինակ՝ «Գրիգորը ըսաւ»։ «Գիրք կ՚ուզէ», անջատ նախադասութիւններ են։ Իսկ «Գրիգոր ըսաւ, որ գիրք կ՚ուզէ» կը ստանանք մէկ նախադասութիւն՝ որ այդ երկուքին իմաստը չունի։
«Շարահիւսութիւն»ը քերականութեան այն բաժինն է, որ կ՚ուսումնասիրէ բառերու կապակցութիւնը, նախադասութեան կազմութեան կանոնները։
«Շարահիւսութիւն» բառը կազմուած է «շարահիւսել» բառէն՝ որ կը նշանակէ «իրար հիւսել», «կապել», «կապակցել»։
Արդարեւ, լեզուի միջոցով մարդիկ կ՚արտայայտեն իրենց միտքերը, խորհուրդները եւ այդ բանի շնորհիւ կը հաղորդակցին ուրիշներու հետ։ Եւ ուրեմն լեզուն՝ խօսքը միտք արտայայտելու միջոց է։
Մարդ իր մտածելու կարողութիւնը չի՛ կրնար մէկ անգամէն արտայայտել։ Իւրաքանչիւր պարագային մարդ կը մտածէ որեւէ բանի շուրջ եւ կ՚ունենայ իրարու հետ կապուած միտքերու ամբողջութիւն մը՝ որ կը կոչուի «մտածութիւն»։
Մտածութիւնը կարելի է արտայայտել բանաւոր եւ գրաւոր կերպով։
Ուստի, «խօսք»ը բանաւոր կամ խօսքով եւ կամ գրաւոր կերպով արտայայտուած մտածութիւնն է։ Բերանացի արտայայտուած մտածութիւնը բանաւոր խօսք է, գրուածը՝ գրաւոր խօսք։ Խօսքը կրնայ ծաւալուն եւ կարճ ըլլալ։
Ծաւալուն խօսքի օրինակներ են վէպերը, հեքիաթները, պատմութիւնները եւ այլն։ Ընդարձակ խօսքը սահմաններ չունի. ան կրնայ շատ ծաւալուն ըլլալ՝ կազմուած մէկ կամ մի քանի հատորներէ։ Ծաւալուն են, զոր օրիանակ՝ Յակոբ Պարոնենի «Մեծապատիւ մուրացկանները», Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը», Րաֆֆիի «Կայծեր», «Սամուէլ», «Դաւիթ-Բէկ», Շիրվանզադէի «Քաոս», Դ. Տէմիրճեանի «Վարդանանք» վէպերը, Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ», Աւետիք Իսահակեանի «Աբու լալա - Մահարի» վիպերգները եւ այլն։
Խօսքը կրնայ նաեւ կարճ ըլլալ. ինչպէս՝ պատմուածք, յօդուած, նամակ, տեղեկագիր կամ հաստատագիր, բանաստեղծութիւն եւ այլն։
Խօսքը կրնայ պարունակել միայն մէկ միտք։ Այդպէս կ՚ըլլան սովորաբար կոչերը, գովազդները, առածները եւ այլն։ Սակայն խօսքը չի կրնար մէկ միտքէն պակաս արտայայտել։
Ծաւալուն խօսքը բաղկացած կ՚ըլլայ բազմաթիւ բաղադրիչներէ՝ միաւորներէ, որոնք զատ զատ առնուած՝ մէյմէկ ամփոփ միտք կ՚արտայայտեն։ Այդ բաղադրիչները «նախադասութիւն» են, իսկ խօսք մը բաղկացած կրնայ ըլլալ բազմաթիւ նախադասութիւններէ՝ որոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկ ամբողջական «միտք» կ՚արտայայտէ։
Երբ խօսքը շատ կարճ ըլլայ, այսինքն արտայայտէ մէկ միտք, այն ատեն խօսք եւ նախադասութիւն կը նոյնանան իրարու հետ։
Բառերու այն կապակցութիւնը կամ այն բառը՝ որ ամփոփ, ամբողջական միտք մը կ՚արտայայտէ, կը կոչուի «նախադասութիւն»…
Սկզբնաղբիւր.- Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, «Հայերէն լեզուի դասագիրք», Երեւան, 1968։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 29, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024