Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը դիմագրաւէ լուրջ փոթորիկ մը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններէն վերջ երկիրը մատնուած է ցնցումներու։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ լարուածութիւնը աննախընթացօրէն մագլցեցաւ։ Խորհրդարանի առջեւ կուտակուած ցուցարարներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ լուրջ բախումներ տեղի ունեցան։ Ընդհարումներու մթնոլորտին մէջ ոստիկանութիւնը ապահովութեան խիստ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առաւ։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ կը զօրակցի ընդդիմադիր շարժման՝ անձամբ մասնակցելով ցոյցերուն։ Վերընտրեալ իշխանութիւնը թէեւ կը խօսի զինքը պաշտօնանկ ընելու մասին, սակայն, նախագահը յայտնեց, որ պիտի մնայ պաշտօնին գլուխը։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024