ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ

Սուրիոյ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայէպ-Սելիմիէ ճանապարհին դիպուկահարի մը կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Երուանդ Արսլանեան։ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին ափսոսանք յայտնեց Հալէպի ամբողջութեամբ զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը անցած ըլլալուն համար։ «Ընդդիմութիւնը դարձած է քաղաքին տէրը՝ ներառեալ հայկական թաղամասերը», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024