ՎԵՐԱԴԵՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄ

Սուրիոյ մէջ Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ ընդդիմադիր ուժերուն ձեռքը անցած է, ինչ որ նոր իրավիճակ մը կը սահմանէ։ Սուրիացիք վարժ են հրաշքներու հաւատալու, առնուազն վերջին տարիներուն անոնք ապրած են, վերապրած են, կենդանի մնացած են հրաշքներու միջոցաւ։ Ճիշդ է, սակայն, որ Հալէպի այս փուլի խմորումները բաւական բարդ են, խորհրդաւոր ու նոյնիսկ անկանխատեսելի։

Ստեղծուած իրավիճակի ծանր ըլլալու ջերմաչափը հնարաւոր կ՚ըլլար չափել այն պահուն, երբ «Հէյէթ Թահրիր Շամ»ի (ՀԹՇ) զինեալները մուտք կը գործէին Հալէպի բանտը եւ ազատ կ՚արձակէին բոլոր բանտարկեալները։ Միւս կողմէ, կը պարզուէին Հալէպի գլխաւոր հրապարակի «Սաատ Ալ Ալ Ժապէր»ի տեսարանները, ուր հարիւրաւոր զինեալներ հերթապահութիւն կը կատարէին եւ կը ծրագրէին իրենց ընելիքները։ Մեծ հաշուով Հալէպը գրաւուեցաւ ո՛չ թէ սուիններով, այլ «վարդեր»ով։

«Ալ Ֆարտոս» թաղամասի տեսանիւթերը ցոյց կու տային, որ Հալէպ մուտք գործածները չէին հանդիպիր որեւէ դիմադրութեան. բան մը, որ զարմանք առթած էր նոյնիսկ անոնց, որոնք կը համարուէին իշխանութեան մօտիկ անձնաւորութիւններ։ Գալով Սուրիոյ պաշտօնական աղբիւրներուն, ապա անոնք հաղորդեցին, որ իրենք կը սպասեն Ռուսաստանի նոր նեցուկին։ Ռազմական այդ նոր օգնութիւնը պիտի հասնէր Լաթաքիոյ մերձակայքի «Հմէմին» ռուսական ռազմախարիսխը։ Սա, անշուշտ, որեւէ օգուտ պիտի չունենար Հալէպին։ Նպատակն է պահպանել՝ Դամասկոսը եւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանները (Լաթաքիան, շրջակայքն ու Քեսապը)։

Այս յայտարարութիւնները հնչեցին, երբ Ռուսաստանի ռազմաօդուժին Հալէպի ծայրամասերուն ռմբակոծումներ կատարեցին, սակայն, ըստ էութեան, անոնք բաւարար չեղան կասեցնելու ընդդիմադիրներու հոսքը դէպի քաղաքի կեդրոնը։ Զոհերուն մասին կան տարաբնոյթ լուրեր։

Իրավիճակը բարդ է ու բարդ է նաեւ քաղաքական հետեւութիւններ ընելու գործը։ Կարեւորագոյն հարցադրումը հետեւեալն է. արդեօք Մոսկուան ձեռքերը լուա՞ց Պեշար Էսատէն։ Կան բազում վարկածներ, որոնցմէ ամենակարեւորն է՝ Հալէպի դարձեալ նուէր տրուած ըլլալը՝ սիւննիներուն եւ Թուրիքոյ կողմէ հովանաւորուած ուժերուն։ Եւ այսպէսով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, դարձեալ Թուրքիոյ ձեռամբ, յաջողած կ՚ըլլայ կտրել Իրան-Լիբանան ցամաքային բոլոր կամ գլխաւոր ճանապարհները, որոնց միջոցաւ Թեհրան զինամթերք կը հասցնէր «Հիզպուլլահ»ին։

Ու այս վարկածը շատ հաւանական է, որովհետեւ Հալէպի դէպքերը ընթացք առին ճի՛շդ այն ժամանակ, երբ Լիբանանի մէջ հրադադար յայտարարուեցաւ։ Խաղը փոխագուցուած է ու այստեղ ամենակարեւոր վրիպումը Պեշար Էսատինը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան մերժեց Քրեմլինի յորդորները՝ խօսելու Էրտողանին հետ։ Այլ խօսք, եթէ Էսատ այդ առումով վստահեցումներ ունէր, թէ ռազմական գործողութիւններու ծագման պարագային պիտի ունենար ռուսական կողմի անմիջական նեցուկը, բայց, ըստ երեւոյթին, այդպէս չէ։

Այլ վարկածներ ալ կան, թէ Սուրիոյ բանակին համար պատերազմը տակաւին չէ սկսած։ Սա Սուրիոյ վերլուծաբաններու պնդումն է։ Այսպէս, Սուրիոյ բանակը կը սպասէ Ռուսաստանի անմնացորդ նեցուկին, որպէսզի կարողանայ գործի անցնիլ։ Յամենայնդէպս, հաշուի պէտք է առնել, այդ գործը շատ դժուար պիտի ըլլայ, երբ Հալէպ անցած է ընդդիմադիրներու ձեռքը...

Այժմ Հալէպի ընդդիմադիր ուժերու վերահսկողութեան տակ անցնելով, նոր խորապատկեր մը պիտի բացուի Սուրիոյ մէջ ու այս նոր փուլը, անկասկած, կապուած է Մերձաւոր Արեւելքի նոր վիճակներուն հետ։ Կարճ խօսքով՝ Իրանի դերի տկարացում, Թուրքիոյ կողմէ յաւելեալ ներկայութիւն եւ զուգահեռաբար Սուրիոյ մէջ նոր իրականութիւն։

Հաւանական դերաբաշխումը պիտի սահմանափակէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն իրական ուժն ու ներկայութիւնը։ Անշուշտ, նոյն կէտէն սկսեալ օրակարգի վրայ պիտի գան Սուրիան շրջաններու բաժնելու վարկածները, որոնց մասին երկար ժամանակէ ի վեր կը խօսուի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024