ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԻԳ.)

Մինչեւ այսօր խօսեցանք յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին. երեւոյթներ՝ որոնք շօշափելի ըլլալէ աւելի վերացական, հոգեկան ու մտային էին. այդ բոլոր երեւոյթները եթէ միատեղենք աշխատանքի ու աշխատասիրութեան հետ, յաջողութիւնը կ՚ըլլայ անխուսափելի: Առանց մտայինին ու հոգեկանին գոյութեան կատարուած ամենէն ծանր աշխատանքը նոյնիսկ կը դառնայ ապարդիւն. հետեւաբար յաջողութիւնը շատ աշխատողին չի տրուիր, այլ ճիշդ ու լաւագոյն ձեւով այդ յաջողութեան պատրաստ եղողին:

Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք մեքենայ մը. եթէ ըլլայ մեքենան, սակայն քարիւղ չունենայ, ապարդիւն է. նոյնպէս եթէ քարիւղ ըլլայ ու սակայն մեքենան չըլլայ, դարձեալ ապարդիւն է. նոյնն է յարաբերութիւնը աշխատանքին ու յաջողութեան համար հոգեպէս ու մտապէս պատրաստ ըլլալուն. գործին պէտք է խառնել նաեւ խելքը։ Բանականութիւնն ու միտքը մեծապէս կը բարձրացնեն մարդու մօտ արտադրողականութիւնը եւ աշխատանքին կու տան տարբեր որակ: Եթէ աշխատանքին միացած ըլլայ նաեւ միւս հիմնականը, ապա ձախողութիւնը մարդուն համար գոյութիւն չ՚ունենար. իւրաքանչիւր ձախողութիւն կը վերածուի հետընթացի մը՝ որպէս պատրաստութիւն շատ աւելի արդիւնաւոր ոստումի մը համար: Պէտք չէ մտածել ձախողութիւններու մասին, այլ զանոնք յաղթահարելու համար պէտք է անդադար զարգանալ, սորվիլ ու պատրաստակամ ըլլալ. մարդ կը սկսի յաջողիլ, երբ իր ձախողութիւններու մէջ եւս իր որոշումներն ու սխալները լաւապէս կը ճանչնայ եւ անոնց համար ուրիշը չի մեղադրեր. իր ձախողութիւններուն համար ուրիշը մեղադրող անձը հեռու է պատասխանատուութեան գիտակցութենէն եւ նման անձ մը ատակ չէ ձախողութենէն դասեր քաղելով զայն յաջողութեան կերպարանափոխելու:

Աշխարհի վրայ պէտք չէ սպասել կատարեալին. մարդոց կողմէ ըսուած «լաւ առիթ»ը իրականութեան մէջ խաբէութիւն է, որովհետեւ լաւ առիթ գոյութիւն չունի, այլ գոյութիւն ունի լաւ գործ, լաւ ու գիտակցուած ռազմավարութիւն դէպի յաջողութիւն առաջնորդուելու. այնպէս, ինչպէս «կատարեալ» կողակից մը գտնել ուզողը ամբողջ կեանք մը առանց կողակիցի կ՚անցընէ, նոյնն է յաջողութեան պարագային, երբ մարդ գործի մը սկսելու եւ դէպի իր նպատակները առաջնորդուելու համար յոյսով կը սպասէ «անյայտ» կատարեալին՝ որ այնպէս ալ չենք գիտեր գոյութիւն ունի թէ ոչ: Պէտք է յարմարուիլ եւ այդ անկատարը փորձել կարելի եղածին չափ կատարեալ դարձնել. եթէ ամէն մարդ պիտի սպասէ կատարեալին, չէ՞ք կարծեր, որ մեր շուրջ բոլորը յաջողակներ կ՚ըլլային այդ պարագային։ Հազարաւոր մարդիկ կը սպասեն այդ կատարեալին՝ այնպէս, ինչպէս իսրայէլացի ժողովուրդը երկինքէն մանանան սպասեց. շատեր կը սպասեն, սակայն կը յաջողին անոնք, որոնք ոչ-կատարեալին մէջ նոյնիսկ իմաստութիւնը կ՚ունենան կատարելագործուելու: Այնպէս, ինչպէս գանձը գտնելու համար կ՚աշխատին ու անդադար կ՚աշխատին, նոյնպէս մարդը գանձ մը փնտռելու պէս պէտք է հետապնդէ յաջողութիւնը. դար մը առաջ հողին տակ թաղուած գանձը ինքնաբերաբար դժուար դուրս գայ հողէն, սակայն մարդը իր ուժերով կրնայ զայն դուրս բերել:

Յաջողութիւնը փափաք է, մարդու մէջէն եկող իղձ մըն եւ հաւատացէք, որ բոլորը այդ իղձը չունին. օրինակի համար՝ մեր օրերուն կը տեսնեմ շատեր, որոնք «գոհ» են իրենց գործէն. գոհ ըսելով, բարձրանալու եւ աւելիով զարգանալու համար ոչ մէկ ջանք ի գործ կը դնեն. կը նախընտրեն տասնամեակ մը մնալ հոն՝ ուր որ են եւ շատ տարօրինակը այն է, որ նման մարդիկ յաճախ կ՚ըլլան նաեւ բողոքող. կ՚ուզեն բարձրանալ, սակայն բարձրանալու համար ոչինչ կ՚ընեն. յաջողութիւնը աշխատանքի կողքին կը պահանջէ նաեւ ջանասիրութիւն եւ պատրաստակամութիւն՝ սորվելու, լսելու, դատելու եւ քննելու երեւոյթներն ու իրավիճակները. պէտք է հեռու մնալ կիսատ յաջողութեան հետապնդումէն. կէսը կատարելը յաջողութեան կէսով հասնիլ չի նշանակեր, որովհետեւ աշխատանքի կէսը ոչինչ կը ներկայացնէ, երբ յաջողութիւնը այդ աշխատանքի ամբողջականութեան մէջ է. շատեր կը բաւարարուին կիսով, կարծելով, որ այդ մէկը եւս իրագործում է:

Վերջապէս կարեւոր կը նկատենք խօսիլ նաեւ հետեւեալ երեւոյթին մասին. յաջողութիւնը անպայմանօրէն մեծ շահ չի նշանակեր. յաջողութեան չափը գումարի քանակով կարելի չէ չափել. այսօր կը տեսնեմ, թէ շատեր նախքան յաջողութեան իրենց ճանապարհորդութիւնը սկսիլը հաւանական շահ մը կը սկսին հաշուել. կը կարծեն շահը ինչքան մեծ՝ յաջողութիւնը այնքան լաւ է։ Այսօր պատմութիւնը լեցուն է անձերով, որոնք գումարի կողմէ մեծամեծ «յաջողութիւն»ներու հասած են, սակայն, ժամանակ մը ետք յայտնուած են թշուառ իրավիճակի մէջ. յաջողակ մարդիկ միշտ նոյնը կ՚ըսեն. կեդրոնացէք աշխատանքի յաջողութեան վրայ եւ արդէն իսկ գումարը ինքնաբերաբար կու գայ. գործ մը ըրէք նոր իրագործում մը, ձեռքբերում մը ունենալու համար. նիւթականը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ, սակայն կերտուած յաջողութիւն մը՝ նոյնիսկ նուազ նիւթական հարստութեան, շատ աւելին կ՚արժէ քան հարստութիւնը. յիշեցէք, որ պատմութիւնը մոռացութեան տուած է բազմահազար հարուստներու անուններ, սակայն յաջողած է ապրեցնել որոշ անուններ՝ որոնք նիւթապէս թշուառ վիճակի մէջ ապրած են:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ եղած է մարդկային պատմութեան մէջ ամենէն հարուստ մարդը:

Պատասխան. Մարդկային պատմութեան մէջ ամենէն հարուստ մարդը կը նկատուի Մանսա Մուսա Ա.-ը, որ եղած է Ափրիկէի Մալիի կայսրութեան կառավարիչը (14-րդ դար): Ան իր հարստութիւնը կուտակած էր հիմնականին մէջ Մալիի ոսկիի առատ պաշարներէն, ինչպէս նաեւ կատարած առեւտուրի յաջողութենէն եւ պատմիչներ կը յայտնեն, որ անոնց չափն ու քանակը հաշուելը անհնարին էր: Պատմիչներ կը յայտնեն, որ ունէր հազարաւոր զինուորներ ու ստրուկներ, որոնք իրեն ոսկիները կը փոխադրէին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024