ՀԵՐԹԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ՞ ԱԼԻԵՒԻՆ
Կ՚ըսեն, թէ արդարութիւնը կը հիւանդանայ, բայց, չի մեռնիր: Չարագործը՝ շարքային քաղաքացի ըլլայ, թէ պետութեան ղեկավար, պէտք է պատասխան տայ ըրածներուն համար ու իր արժանի պատիժը կրէ։ Անպատժելիութիւնը նոյնքան մեծ չարիք է՝ որքան բուն յանցագործութիւնը: Յանցագործը չպատժել կը նշանակէ անոր առջեւ նոր դռներ բանալ ապօրինութիւններու համար: Սա ինքնայայտ ճշմարտութիւն է:
Հիմա՝ ուրախալի լուրը. նոյեմբերի 21-ին Միջազգային քրէական ատեանը (ՄՔԱ) Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն եւ երկրի պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը ձերբակալելու որոշում կայացուց. անոնք կը մեղադրուին 2023 թուականի հոկտեմբերի 8-էն մինչեւ 2024 թուականի մայիսի 20-ը, շուրջ եօթնուկէս ամիս, Կազզէի հատուածին մէջ կատարուած ռազմական յանցագործութիւններուն համար: ՄՔԱ-ի մինչդատական պալատը եզրակացուցած է, որ ամբաստանեալները Կազզէի խաղաղ բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկած են գոյատեւման հիմնական պայմաններէ՝ սնունդէ, ջուրէ, դեղօրայքէ, բժշկական պարագաներէ, վառելանիւթէ ու ելեկտրականութենէ։
«Ռազմական յանցագործութիւններու» նկարագրուած դիպաշարը ծանօթ է ամէն հայու՝ առաւելաբար Արցախի մեր հայրենակիցներուն, քանզի անոնք իրենց մորթին վրայ զգացին «Լաչինի միջանցք»ի իննուկէս ամսուան շրջափակման ծանր հետեւանքները: Այն, ինչի համար Լախէյի դատարանը մեղադրանք առաջադրեց Իսրայէլի վարչապետին ու անոր նախարարին՝ ամբողջովին, դեռ բան մըն ալ աւելի, Արցախի մէջ իրագործած է Իլհամ Ալիեւ՝ հայատեաց (…) իր ցեղակիցներուն հետ։
2022-ի դեկտեմբերի 12-էն մինչեւ 2023-ի սեպտեմբերի 20-ը, անոնք «բնապահպանական» քօղի ներքոյ նախ շրջափակեցին Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ սովի, ցուրտի ու խաւարի մատնելով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազարէ աւելի բնիկ հայութիւնը: Իսկ երկրորդ քայլը՝ «հակաահաբեկչական գործողութեան» պատրուակով, 2023-ի սեպտեմբերի 19-ին՝ տեւական պաշարման մէջ հիւծուած Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն էր՝ մինչեւ ակռաները զինուած, մեծաքանակ զօրակազմով: Արդիւնքին՝ տեղի հայ բնակչութիւնը, նոր ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ, ստիպուած էր լքել վաղնջական բնօրրանը, իր հազարամեայ հայրենիքը, պատմամշակութային արժէքներն ու ամբողջ ունեցուածքը թողելով, երթալ, հեռանալ՝ ուր աչքը կտրէ:
Այժմ, երբ արժանահաւատ իրաւական նախադէպը արդէն առկայ է, սահմանադրօրէն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւոր հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է միջազգային ատեաններուն մէջ հետամուտ ըլլալ, որպէսզի Արցախի հայաթափութեան ու արցախցիներու իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարման գործողութիւններուն քրէական անաչառ գնահատական մը տրուի եւ ենթադրեալ յանցագործները պատժուին՝ օրէնքի ողջ խստութեամբ:
Այս գործին նախապատրաստութիւնները, անտարակոյս, վիթխարի ջանքեր կը պահանջեն եւ, առաջին հերթին, քաղաքական կամք, զոր գործող իշխանութիւնները, ցաւօք, չունին: Ուրեմն, նախաձեռնութիւնը պէտք է ստանձնէ քաղաքացիական հասարակութիւնը, իսկ ժողովուրդը դառնայ այս խնդրի անտեղիտալի պահանջատէրը:
Նիկոլ Փաշինեան, կարծես թէ, մտադիր չէ Ատրպէյճանի դէմ դատական նոր գործեր բանալ՝ Արցախի մէջ անոր կատարած ռազմական յանցանքներուն համար: Աւելին, ան հակուած է ետ կանչել միջազգային դատական ատեաններուն մէջ Ատրպէյճանի դէմ արդէն իսկ մուտքագրուած հայցերը, որոնք, ի դէպ, լրջօրէն կը մտահոգեն Ալիեւը:
Նոյեմբերի 22-ին, «Հ1»ին տուած հարցազրոյցին մէջ, Փաշինեան չբացառեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման պարագային Հայաստան հրաժարի Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած միջազգային հայցերէն՝ նոյնը ակնկալելով Ատրպէյճանէն: «Եթէ Հայաստան տեսնէ, որ իսկական խաղաղութեան կը հասնի ու խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի, միջազգային ատեաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հայցերը ետ կը կանչուին», ըսած է ան։
Երեւի ՄՔԱ-ի դատավճիռը ահ գցած է Ալիեւի սրտին՝ վայ թէ հերթը իրեն հասնի: Պաքուի միապետը լաւ կը հասկնայ, որ ինք Իսրայէլի վարչապետի թափն ու կշիռը չունի: Նեթանիյահու աշխարհի մէջ մեծ կապեր ունեցող, ազդեցիկ գործիչ մըն է ու եթէ նոյնիսկ ան չյաջողեցաւ խուսափիլ Լախէյի դատարանի տեսադաշտէն, ապա՝ հաստատ պիտի չյաջողի «պլստալ» բոլոր այն վայրենութիւններէն, որոնք 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ու յետպատերազմեան շրջանին գործած է Արցախի մէջ եւ Արցախի դէմ:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի