ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՇԻՌԸ
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները կու գան վերահաստատել տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ մեծ կշիռին նշանակութիւնը։ Վերջին օրերու իրադարձութիւնները թէեւ առաջին հերթին կ՚ընկալուի Հալէպի՝ զինեալներու հակակշռին տան անցած ըլլալու առաջնահերթութեան, սակայն, երեւոյթը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Արդարեւ, Ազատ Սուրիոյ բանակի զինուորները երկրի հիւսիսին՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ Թել Ռիֆաթը վերահսկողութեան տակ առին, ինչ որ լուրջ ձախողում մը կը համարուի ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի տեսակէտէ։ Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ի վեր Թուրքիա կը խրախուսէ երկրի ընդդիմադիր ուժերը, որոնց զինեալներէն կը բաղկանայ Ազատ Սուրիոյ բանակի ողնայարը։ Այդ զօրքերը 8 տարի վերջ վերահսկողութեան տակ առին Թել Ռիֆաթը, նաեւ Հայէպի մերձակայ երկու օդակայանը։ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի լոժիսթիք կապը լուրջ հարուածի մը ենթարկուած է այսպէսով՝ մինչ ահաբեկիչները կրցած են հազիւ երեք ժամ դիմադրել։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ այս նոր իրավիճակը կը խրախուսէ գաղթականներու վերադարձը։
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս փուլին տարածաշրջանի յառաջատար դերակատարներու հետ անմիջական կապի մէջ է։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Ֆիտան այս առթիւ շեշտեց, որ Թուրքիա չի փափաքիր Սուրիոյ մէջ ներքին պատերազմի մագլցումը։ Անգարա համոզուած է, թէ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը պէտք է եզրայանգի սեփական ժողովուրդին եւ օրինական ընդդիմութեան հետ։
Ֆիտան այսօր Պրիւքսէլի մէջ կը մասնակցի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Իր կարգին, Արաղչի Մաշհատ քաղաքի մէջ կը հիւրընկալէ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Իր տեսակին մէջ 28-րդ այս հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Իր կարգին, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հետ։ Ան յայտնեց, որ Իրան անվերապահօրէն կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ երկրի տարածաշրջանային ռազմավարութիւնն է։ Արաբական աշխարհէն այլ ղեկավարներ ալ հեռախօսազանգերով նոյնը յայտնեցին Էսատին։ Ռուսաստանի արձագանգն ալ համահունչ էր այդ բոլորին՝ մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Անգլիա համատեղ յայտարարութիւնով մը լուծման կոչ ուղղեցին։ Փենթակոնի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերուն միջեւ շփումը աշխուժացած է թէժ գծի միջոցաւ։ Կողմերը կապուղիները բաց պահելու նպատակով շփման մէջ անցած են՝ հաշուի առնելով, որ Սուրիայէ ներս իրենց զօրքերը աշխարհագրականօրէն բաւական մօտ են իրարու։