Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Աքքան Սուվէրի, որու հետ էր նաեւ կողակիցը։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը տեղեկութիւններ տուին հիմնարկի գործունէութեան շուրջ։ Անոնք տեղեկացուցին, որ կը պատրաստուին Երեւան այցելել՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն հասած հրաւէրի մը ընդառաջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ մաղթելով բարի ուղեւորութիւն։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2024
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024