ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վերջին օրերուն ժողով մը գումարեցին Պրիւքսէլի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային նիստը։ Պրիւքսէլի այս հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ շարք մը երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ ալ ունեցաւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան զրուցեց Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Գանատայի եւ Յունաստանի պաշտօնակիցներուն հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Ֆիտան մէկտեղուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որու պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։

Պրիւքսէլի բոլոր քննարկումներու ընթացքին ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները հերթական անգամ արժեւորեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ընթացքը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնալի իրադրութիւնները։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք յայտնեց, որ Թուրքիա տարածաշրջանի բանալի երկիրներէն մին է ու Սուրիոյ տագնապի լուծման ճանապարհին կեդրոնական դերակատարութիւն մը ունի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024