Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ԵՇԻԼԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Էրօլ Չընարն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Թաղականները օրհնութիւն ստանալու համար Պատրիարքարան այցելած էին՝ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց թաղականներէն, որոնց յղեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024