ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը այս շրջանին նոր վիճակաւոր մը ունենալու սպասման մէջ է։ Մինչեւ նոր հոգեւոր առաջնորդի ընտրութիւնը, անցումային շրջանին, պատրիարքական կառավարիչի հանգամանքով արքեպիսկոպոսարանի ղեկը ստանձնած է Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ վերջին օրերուն այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։ Սաքըզաղաճըի արքեպիսկոպոսարանէն հաղորդուեցաւ, որ վերջերս ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ներկայացուցիչ մը փութացած էր շնորհաւորական այցելութեան, որուն ի շարունակութիւն Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան մեկնեցաւ մայրաքաղաք։ Իրեն ընկերացան Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եէնալ Սուճու եւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետուհի Թալին Կազէր։
Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մեհմէտ Աքթաշի գլխաւորութեամբ, Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան տեսակցեցաւ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ։ Ջերմ զրոյցներու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց ու մասնաւորապէս՝ հայ կաթողիկէ հասարակութեան օրակարգի զանազան նիւթերը։
Փոխ-նախարարը ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց Գերապայծառ Գազանճեանը։