ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ԸՆԹՐԻՔ

Ամանորի ընդառաջ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ եւ կողակիցը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը սարքեցին՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային շրջանակներուն համար։ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ՝ մինչ շեշտը դրուեցաւ համակեցութեան կարեւորութեան վրայ։

Երեկոյթի հրաւիրեալներու շարքին էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ Աքփոլատ ամոլի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձաւ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ պատուոյ սեղանին շուրջ էր։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր համայնքային շրջանակներէն շարք մը աշխարհական վարիչներ ալ հրաւիրուած էին այս երեկոյթին, որու կազմակերպման ուղղութեամբ մեծ եռանդ ներդրած էր հիւրընկալ քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու։

Ընթրիքի հրաւիրեալներու շարքին էր Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024