«ՓԱ՜ՌՔ ՔԵԶ ԱՍՏՈՒԱԾ»

Տեւական կ՚աղօթենք Աստուծոյ, քանի որ Ան ըստ քրիստոնէական աստուածաբանութեան Հա՛յր է՝ Արարիչ եւ Նախախնամ, եւ շատ բնական է, որ «որդի»ն հօրմէն պահանջէ իր կարիքերը։ Բայց աղօթքը, ինչպէս ընդհանրապէս կը կարծուի, միայն պահանջելու միջոց մը չէ։ Ուստի, պահանջելէ առաջ պէտք է նախապէս շնորհակալութիւն յայտնել՝ այն ամէն բանի համար, որ արդէն շնորհուած, տրուած է մեզի։ Ուստի, աղօթելու սկսելէ առաջ, կամ պահանջելէ առաջ պէ՛տք է փառք տալ Աստուծոյ մեր պիտոյքներէ մեծամասնութիւնը գոհացուցած ըլլալուն համար։

Փառք տալ Աստուծոյ՝ քանի որ կարենալ աղօթելն ալ շնորհ մըն է, քանի որ կան մարդիկ, որոնք մարմնական եւ հոգեկան թերութիւններու եւ տկարութիւններու պատճառով չեն կրնար աղօթել։ Ուստի, շնչառութիւնն իսկ շնորհ մըն է եւ քանի որ առանց շնչառութեան ապրիլ կարելի չէ, ուրեմն պէտք է փառք տալ Աստուծոյ ամէն պահ, քանի որ ամէն պահ շունչ կ՚առնենք։

«Արդ՝ կ՚աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց, մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէսզի խաղաղ եւ հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութիւնով։ Վասնզի այն է աղէկը եւ ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։ Աստուած կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան», կը գրէ Պօղոս առաքեալ իր նամակին մէջ. (Ա ՏԻՄԹ. Բ 1-4)։

Բարի աչքով երբ նայի մարդ կեանքին՝ բարին կը պատահի։ Արդարեւ, կեանքը բաժին մը ունի իւրաքանչիւր մարդու համար, ուստի կեանքին մեզի բաժին նշանակածը՝ կեանքէն մեզի բաժին ինկածը պէտք է գոհութեամբ ընդունինք։ Բայց ասիկա պէտք չէ՛ երբեք շփոթել «ճակատագրապաշտութեան» հետ, «fatalisme» չէ՛ ասիկա։

Կեանքին մեզի ինկած բաժինը ընդունիլ՝ ընդունիլ կը նշանակէ, թէ մարդ պէտք է ունենայ միշտ յոյս, թէ իր գոհացածէն աւելին պիտի ստանայ ի վերջոյ ապագային։ Գոհանալ այն յոյսով, թէ աւելին եւ աւելի լաւը պիտի պատահի անպայմա՛ն։ Այս իմաստով՝ գոհանալը կ՚ենթադրէ յուսալը, հաւատքով եւ սիրով զօրացած յո՛յսը։

«Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. վասնզի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած նամակին մէջ. (ԵԲՐ. ԺԱ 1-2)։

Կեանքի մէջ կան բազմաթիւ նեղութիւններ՝ հիւանդութիւն, կորուստ, ձախողութիւն, պարտութիւն, չարութիւն, յուալքութիւն եւ մա՛հ։ Բայց բոլոր այս աննպաստ եղելութիւնները կարելի է թեթեւցնել, ամոքել յոյսի զօրութեամբ։ Իսկ մահուան ցաւը կը մեղմանայ մխիթարութեան յո՛յսով։ Յոյսը դարման է ամէն նեղութեան, ամէն անձկութեան։ Յոյսի զգացումն է, որ ենթակային կը թելադրէ եւ կ՚երաշխաւորէ, թէ պիտի անցնին ամէն նեղութիւն եւ հոգ պատճառող վիճակ։ Յոյսը նորոգութիւն, վերակենդանութիւն կը պատճառէ եւ կեանքը կ՚իմաստաւորէ։

Արդարեւ, մարդ իրեն պատահած որեւէ չարութիւնը կը կարծէ, թէ ամենամեծ չարութիւնն է, մինչդեռ շատ աւելի ծանր եւ վնասակար չարութիւններ կը պատահին ուրիշներու։ Ուստի, մարդ հասկացողական համակրանքով եթէ մօտենայ իր նմաններուն, պիտի տեսնէ, որ իր կրած նեղութիւնը այնքան ալ ծանր եւ անտանելի չէ՛։ Չարը եւ չարութիւնը աստիճանաւոր է, եւ միշտ աւելի չարը կայ եւ պիտի ըլլայ բնականաբար։

Մարդ եթէ յոյս չունի՝ չվստահի, անշուշտ, պիտի մնայ դժբախտութեան եւ չարութեան մէջ։ Ուրեմն, պէտք է գիտնանք, թէ աստուածաշնորհ այս կեանքի մէջ միշտ կայ յոյսը, որուն ապաւինելու ենք, վստահելով Արարչին։

Արդարեւ, մեզի պատահած բոլոր չարութիւններուն, դժբախտութիւններուն, անիրաւութիւններուն, լքուածութիւններուն, անմխիթարութիւններուն սկզբնական պատճառը մե՛նք ենք։

Մեր սխալ արարքները, անիրաւ գործերը պատճառներ են մեր դժբախտութիւններուն։ Այս կէտին պէտք է գիտնանք, որ յոյս չունենալը կարեւոր եւ ազդու դեր կը խաղայ։

Յոյսը՝ յաւիտենականութեան արժանանալու ակնկալութիւնն է. անյոյս ըլլալ՝ աննպատակ ըլլալ կը նշանակէ, ինչ որ մարդը կ՚ամլացնէ, անօգուտ կը դարձնէ եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան չարչարուի չարիքով։ Ուստի, յոյսով նորոգուինք, Ս. Հոգին բնակի մեր մէջ, որովհետեւ յոյսը լո՛յս է, ուրախութիւն կու տայ եւ յոյսը կ՚աճի եւ կը զօրանայ հաւատքի եւ սիրո՛յ մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 4, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024