ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։ Եթովպիոյ մօտ պաշտօնավարելու առընթեր Սահակ Սարգսեան համատեղութեան կարգով կը պաշտօնավարէ նաեւ Քենիայի մօտ։ Ուստի, այս վերջնոյն մայրաքաղաքի ՄԱԿ-ի կառոյցներուն մօտ ան հաւատարմագրուած է՝ որպէս մշտական ներկայացուցիչ։

Դեսպան Սահակ Սարգսեան նախընթաց օր ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի Զէյնէփ Հավվա Պանկուրային յանձնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի համապատասխան նամակը։ Հարկ է նշել, որ Պանկուրա, միեւնոյն ժամանակ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։

Բացի ՄԱԿ-ի գրասենեակէն, Սահակ Սարգսեան՝ որպէս մշտական ներկայացուցիչ, Հայաստանը կը ներկայացնէ երկու գործակալութիւններու՝ Մարդկային բնակավայրերու ծրագրի եւ Շրջակայ միջավայրի ծրագրի շրջանակներէն ներս։

Սարգսեան եւ Պանկուրա հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման 2020 թուականի օրակարգին շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024