ՎԱԼԵԹԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Թուրքիա վերահաստատեց իր սպասումն ու ցանկութիւնը, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած դրական զարգացումները խաղաղութեան համաձայնութեան ստորագրմամբ վերջ գտնեն։ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ կը շարունակուի դանդաղ քայլերով, սակայն, կողմերը խնդիրը հետեւողականօրէն կը պահեն օրակարգի վրայ։ Երէկ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հերթական ժողովին դարձեալ օրակարգի վրայ ունեցաւ այս նիւթը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ծաւալուած քննարկումներէն վերջ, պաշտօնական զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուելիք խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներու շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր։

Մինչ այդ, նոյնպէս երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ Մալթայի մէջ կարճ զրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Անոնք Մալթայի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Միւս կողմէ, Մալթայի մէջ էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն փափաքեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հերթական հանդիպում մը կազմակերպել՝ իր միջնորդութեամբ։ Թէեւ հայկական կողմը իր համաձայնութիւնը տուաւ այսպիսի տեսակցութեան մը համար, սակայն, շփումը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ ատրպէյճանական կողմը մերժեց առաջարկը։

Վալեթայի մէջ թէ՛ Հաքան Ֆիտան եւ թէ Արարատ Միրզոյեան առանձին հանդիպումներ ունեցան Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024