ԿԱՐՕ ՓՕԼԱՏԵԱՆ (1911- 1986)
Կարօ Փօլատեան անունը երբ կարդանք կամ լսենք, առաջին հերթին մեր միտքերուն մէջ կու գայ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» գիրքը, որու հեղինակն է Փօլատեան Կարօն կամ Կարապետը:
Կարօ Փօլատեան, ֆրանսահայ գրող, վիպագիր եւ զրուցագիր: Ծնած է 1911-ին, Մարաշի մէջ:
Չորս տարեկանին իր ընտանիքին հետ ապրած է մեր ժողովուրդին մեծ արհաւիրքը ու Մարաշէն տեղահանուելով հասած է Տէր Զօր: Ապա, կարճ ժամանակով դարձեալ վերադարձած է Մարաշ, 1919-ին, սակայն ֆրանսական ուժերուն աստիճանաբար Կիլիկիայէն քաշուելէն ետք, անվերադարձ հեռացած է ծննդավայէրն եւ հաստատուած է Հալէպ:
1921-1925 տարիներուն յաճախած է Հալէպի Հայկազեան վարժարան:
Երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ֆրանսիսքեաններու գոլէճէն ներս:
1929-ին, որպէս ուսուցիչ գացած է Եթովպիա՝ Ատիս Ապապա, ուր պաշտօնավարած է հայոց Ազգային Գէորգով վարժարանէն ներս:
1931-ին, Ատիս Ապապայէն հեռանալով կայք կը հաստատէ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ իր կեանքին վախճանը:
Մարսէյլ հաստատուելէ ետք, չորս տարի հետեւեած է նոյն քաղաքի Երկրաչափական բարձրագոյն վարժարանի ուսմնական ընթացքին:
Մարսէյլի մէջ շուտով կը դառնայ համայնքին սիրելի եւ փնտռուած դէմքերէն մէկը: Կը նուիրուի գրականութեան եւ 1946-ին, կը հրատարակէ իր առաջին գիրքը՝ «Արեւելքի տղաքը» վէպը:
Երեք տարի յետոյ՝ 1949-ին, կը հրատարակէ իր ամենէն նշանաւոր աշխատութիւններէն մէկը՝ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» վէպը, որով իր ուրոյն դրոշմը պիտի ձգէր հայ գրականութեան անդաստանէն ներս:
1958-ին Կարօ Փօլատեան կը հրատարակէ իր երրորդ գիրքը` «Արծիւները անապատին մէջ» վերնագիրով վէպը:
Փօլատեանին գրիչին կը պատկանին նաեւ «Վերադարձը», «Լոյսերը» (Փարիզ, 1964) եւ «Կրակէ շապիկը» (Պէյրութ, 1966) վիպակները:
1963-ին Փօլատեան դարձեալ կը վերադառնայ Եթովպիա՝ Ատիս Ապապա, այս անգամ վարելու Ազգային Գէորգով վարժարանին տնօրէնի պաշտօնը եւ այդ պաշտօնին կը մնայ մինչեւ 1971 թուականը:
Կարօ Փօլատեանը յատկանշող գործերէն մէկը, չըսելու համար ամենէն կարեւոր աշխատութիւնը, իր զրոյցներու շարքն է, թիւով վեց հատոր: Այս հատորներուն մէջ Փօլատեան զրուցած է սփիւռքահայ կեանքէն ներս գործօն մասնակցութիւն ունեցող անհատներու, ինչպէս նաեւ զանազան գրողներու հետ, որոնց շարքին նաեւ կարգ մը հայրենի գրողներ: Լեւոն Շառոյեանը՝ «Յիշելով ու ոգեկոչելով վիպագիր եւ զրուցագիր Կարօ Փօլատեանը (մահուան 30-ամեակին առիթով)» յօդուածին երկրորդ բաժինին մէջ (տպուած Պէյրութի «Ազդակ»ին մէջ, 12 մարտ 2016-ին), անդրադառնալով Կարօ Փօլատեանի զրոյցներու այս շարքին, հետեւեալը կը գրէ. «Կ. Փօլատեանի գրական ստեղծումներուն մէջ շատ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն «Զրոյց»ի իր վեց հատորները, որոնք լոյսին բերուած են Փարիզի, Գահիրէի ու Պէյրութի մէջ: Անոնց հրատարակութենէն տասնամեակներ ետք, այսօ՛ր ալ այդ զրոյցները կը կարդացուին հետաքրքրութեամբ, յափշտակութեամբ:
Այս զրոյցները զանազան երեւելի անձերու հետ մտերիմ խօսակցութիւններու արձանագրութիւններ են՝ նպատակ ունենալով աւելի՛ մօտէն ճանչնալ ենթական, լոյս սփռել անոր գաղափարներուն, տեսակէտներուն եւ վաստակին վրայ:
Փօլատեան իր այս զրոյցները կը նկատէ «գրականութեան խոնարհ սեռերէն մին»՝ զանոնք զետեղելով գրաքննադատութեան եւ հրապարակագրութեան միջեւ տեղ մը:
- Երկու անձերու միջեւ,- կը գրէ,- աշխոյժ, կենդանի խօսակցութիւն մըն է ան, առաւելաբար: Նիւթը խօսակիցներէն մէկուն անձն է, անոր կեանքն ու անոր գեղարուեստական գործը մանաւանդ, կամ՝ երբեմն արուեստի այնպիսի խնդիրներ, որոնք կապ ունին անոր հետ: Զրոյցը վարողը նախօրօք գիտէ վեր ի վարոյ իր անուանի խօսակցին կարծիքները այս կամ այն հարցին մասին: Գիտէ անոր նախընտրութիւններն ու հմտութիւնը: Ուստի անոր կ՚ուղղէ այնպիսի՛ հարցումներ, որոնց պատասխանները պիտի կազմեն առաջադրուած խնդրի մը լայն քննութիւնը («Զրոյց»ի Ա. հատորին նախաբանէն):
Կը թուի, թէ այս հարցին մէջ Փօլատեան կրած է ֆրանսական ազդեցութիւն: Խորապէս տպաւորուած է փարիզեան «Լէ Նուվել Լիթերեր» շաբաթաթերթին մէջ խմբագրապետ Ֆրետերիք լը Ֆեւրի սիւնակներէն, ուր ան ժամանակակից գրեթէ բոլոր մեծ գրողներուն հետ գլուխ-գլխի սրտբաց զրոյցներ ունեցեր էր, յետոյ ալ զանոնք հրատարակեր էր առանձին հատորներով:
Միեւնոյն ուղիէն ընթացաւ նաեւ Փօլատեան:
Ան զրոյցներ ունեցաւ ֆրանսահայ բանաստեղծներ՝ Ահարոնի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Յարութ Կոստանդեանի եւ Զուլալ Գազանճեանի, գրագէտ Շաւարշ Նարդունիի, երաժշտագէտ Օննիկ Պէրպէրեանի (պոլսահայ մեծանուն դաստիարակ Ռեթէոս Պէրպէրեանի որդին), ֆրանսացի բանաստեղծներ` Փոլ Էլիւարի, Լիւք-Անտրէ Մարսէլի եւ Սեն-Ճոն Փերսի, Մխիթարեան վարդապետներ Հ. Սահակ Տէր-Մովսէսեանի եւ Հ. Ներսէս Ակինեանի, Սիմոն Վրացեանի, Կոստան Զարեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, հայրենի գրողներ Սողոմոն Տարօնցիի ու Խաչիկ Դաշտենցի, բարբառագէտ Արարատ Ղարիբեանի, Պէյրութի թուրք դեսպանին եւ այլոց հետ:
Այս զրոյցներուն ընդմէջէն լուսաբանուեցան գրական-պատմական զանազան խնդիրներ՝ անկեղծ արտայայտութեամբ եւ ինքնաբուխ եղանակով:
Զրուցագիր Փօլատեան ինքզինք կը նկատէր «խոստովանահայր» մը, որ կու գար նստելու երեւելի անձնաւորութեան մը դիմաց ու զայն կը խօսեցնէր անոր կեանքին ու գործին շուրջ՝ քակելով յուշերու լման կծիկ մը… Զրուցակիցը կը խանդավառուէր, բայց աւելի՛ կ՚ոգեւորուէր ու կ՚երջանկանար ինք` Փօլատեան, գիտակցելով, որ դիմացինին մտածումներէն մաս մը կրցաւ կորզել, փրկել կորուստէ:
«Զրոյց»ի Ա. հատորին նախաբանին մէջ ան կը գրէ.
- Կ՚երեւակայէ՞ք վայրկեան մը, թէ ի՜նչ անգնահատելի վաւերաթուղթեր կրնային ըլլալ, եթէ ժամանակակից մը ներկայացած ըլլար, օրինակ, Նարեկացիի մը, Շնորհալիի մը, կամ ալ մեզի աւելի մօտիկ՝ Վարուժանի մը, Կոմիտասի մը եւ անոնց ամէն մէկուն մտածումները հարց ու պատասխանի ձեւով մեզի ժառանգ ձգած ըլլար»:
1973-ին հրատարակած է «Հայկական սփիւռքը իր դերակատարներով» աշխատասիրութիւնը: Այս աշխատասիրութիւնը անդրադարձ կը կատարէ սփիւռքի այդ ժամանակուան իրադարձութիւններուն մասին:
Կարօ Փօլատեան գիրքեր հրատարակելու կողքին, նաեւ աշխատակցած է տարբեր թերթերու: Այսպէս՝ Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին, Բիւզանդ Թօփալեանի «Անդաստան» հանդէսին. Գահիրէի «Յուսաբեր»ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին, «Բագին» ամսագիրին եւ «Սփիւռք»ին:
Փօլատեան նաեւ հայերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութիւններ կատարած է:
Մարսէյլի հայութիւնը 20 մայիս 1979-ին, Հայ մշակոյթի տան մէջ յոբելենական հանդէս մը կազմակերպած է՝ տօնելու համար Կարօ Փօլատեանի գրական գործունէութեան 40-ամեակը:
Կարօ Փօլատեան մահացած է 21 մայիս 1986-ին, Մարսէյլի մէջ:
***
Այժմ, մեր ընթերցողներէն պիտի ներկայացնենք Կարօ Փօլատեանէն փունջ մը մտածումներ եւ անոր գրութիւններէն հատուածներ:
- Կրնայ մեծ իտէալ մը պզտիկ մարդիկ մեծցնել, հերոսներու վերածել:
- Օտար պետութիւնները պիտի չլուծեն մեր դատը:
- Շատ մը ուրիշ բաներ կան, որոնք չեն կրնար միշտ յստակօրէն արտայայտուիլ:
- Մեծագոյն դժբախտները անոնք չե՞ն, որոնք կը տառապին իտէալի մը համար զոհուելով. օ՜հ, ո՛չ. անոնք չեն: Մեծագոյն դժբախտները անոնք են, որ կ՚ուզեն ծառայել, բայց չե՛ն կրնար. կ՚ուզեն ծառայել բանի մը, որեւէ բանի, իրենց եղբայրներուն, իրենց հայրենիքին, վերջապէս հաւաքական իտէալի մը կառքին լծուիլ, դառնալ անոր լծկան եզները, բայց չեն ուզեր զիրենք, կը մերժեն իրենց օգնութիւնը, որովհետեւ… կառք չկայ, եղբայրներ, կառք չկայ, բա՛ն չկայ:
- Երբ զօրաւոր կերպով կը մտածէք մէկու մը մասին, անոր ներկայութիւնը կը զգաք անմիջապէս, առաջին հանդիպողին վրայ անոր գիծերը տեսած ըլլալ կը կարծէք:
- Աղջիկ մը չի կրնար երկար ատեն ուիրիշներէ պահել իր սիրտը:
- Մարդիկ կը փոխուին ժամանակին հետ:
- Պատասխանատուութեան բարդ խնդիրն է մարդուն բաժինը՝ իր առած որոշումներուն մէջ:
- Ա՛ռ ինչ որ կրնաս ա՛ռ կեանքէն, բայց մի՛ տար ինքզինքդ, մի՛ տար ոեւէ մէկուն:
- Մարդկութիւնը նպատակ է:
- Գաղափարը միշտ մեծ է ու կը մնայ մեծ, ինչ որ ալ ըլլան անոր սպասարկուները, եւ հայութիւնը, արմենականութիւնը գաղափար մըն է, լուսաւոր մտածում մը, դարերէն եկող եւ դարերուն սահմանուած լոյսի ճամբայ մը:
- Գեղեցիկ է ինքնին ամէն մտածում, որ մեկնակէտ մը ունի ու նպատակի մը կը ձգտի:
- Կարելի է ամէն բան ուրանալ, կը լսե՞ս, ամէ՛ն բան, բայց կարելի չէ ուրանալ իր մօր կաթը, կարելի չէ դաւաճանել իր մօր կաթին դէմ, որմէ կազմուած են քու բջիջներդ, մսի ու ոսկորի իւրաքանչիւր մասնիկդ. կարելի չէ հրաժարիլ իր հարազատ մօր կաթէն: Կրնաս հրաժարիլ քու անունէդ, քու տունէդ, քու կրօնքէդ, սէրերէդ եւ ատելութիւններէդ, բայց մօրդ կաթէն՝ ո՛չ…:
- Ազատութիւնը մարդուն ամենաթանկագին նուաճումն է:
- Ա՜հ, սիրելի բարեկամ, ինչե՜ր կան կեանքին մէջ, ի՜նչ մեծութիւններ կեղտի մէջ, ի՜նչ կեղտեր ամենէն մաքուր կարծուած մեծութիւններուն մէջ:
- Եւ ի՜նչ տարօրինակ է մարդկային հոգին… ցեխին մէջ, ամենէն աղտոտ, անարգ վիճակի մէջ անգամ ան կը ձգտի մեծութեան, սրբութեան:
- Ամէն մարդ ունի իր մէջ մեծութեան ծարաւ մը:
- Մարդկային բոլոր մեծ արարքները կը բխին ինքնարդարացումի մը փափաքէն, մեր մեղքերը քաւելու խռովայոյզ տենդէն…:
- Ցեղային, արենական չեն, ալ հոգեկան, գաղափարական են մարդկային բաժանումները:
- Ազնիւ արիւնը չի դաւաճաներ, վերջ ի վերջոյ երեւան կու գայ:
- Ըսելուն եւ ընելուն մէջ շատ մը ուրիշ հաշիւներ կը մտնեն:
- Եթերային ճառազայթներ ունին ուրեմն հոգիները, կ՚երթան ու կը հաւաքուին կէտի մը վրայ, կը կազմեն լոյս մը, աւելի մեծ, աւելի լուսաւոր, միակ երազ մը: Աւելի ճիշդը, կ՚երթան միանալու, արդէն իսկ վառուած այդ լոյսին:
Լոյս մը, զոր վառած են դարեր առաջ, հազարաւոր մարդիկ, իրարու քով գալով, միացնելով իրենց երազները, համանման գտնելով զանոնք:
Ու դարերէ ի վեր, ուրիշ հազարաւոր մարդիկ, նոյն արիւնէն, նոյն սերմէն, նոյն երազներէն ծաղկող, կու գան ու կը հրահրեն այդ բոցը, իւրաքանչիւրը անոր բերելով իր անձնական լոյսն ու երազը, անմար պահելու համար զայն, ամէն մէկը կը բերէ կայծ մը, շունչ մը, որպէսզի ան տեւէ, աւելի պայծառանայ, աւելի գեղեցկանա՜յ:
Որպէսզի, փոխադարձաբար, անոնցմէ իւրաքանչիւրը, լուսաւորուի անոր մեծ լոյսով, տաքնայ անոր տաքութեամբ, ստանայ անկէ ներշնչում ու հաւատք: Որպէսզի անով իր երազներն ալ աւելի գեղեցկանան, չմարի՜ն, առանձին չմնան, չմարին, իր անձուկ ու սահմանափակ մարմնին մէջ:
- Ես կը պատկանիմ ջուրերուն: Ջուրը իմ նախատարերքս է:
Ահա՛ թէ ինչո՞ւ ես երբեք չկրցայ հողին վրայ ապրիլ, հաստատ յենարանի մը կառչիլ: Այս է դարձեալ պատճառը, որ չկրցա՜յ հողի զաւակներուն նման մտածել, հաշտուիլ այնտեղի կանոններուն եւ օրէնքներուն հետ:
Ամէն ինչ մնաց մէջս, հեղուկային վիճակով: Արարքներս 4 մը տածումներս, կեանքս ամբողջ նմանեցաւ արագավազ այն գետին յորձանուտ ալիքներուն: Չկրցայ երբեք ղեկավարել անոր ընթացքը: Ո՛չ կրցայ բաժնուիլ, ո՛չ ալ ձերբազատուիլ անոր գերիշխանութենէն: Մնացի միշտ անոր մագնիսական դաշտին մէջ: Ան զիս միշտ իրեն քաշեց:
Իմ տարերքիս մէջն էի, դիւթական ալիքներուն ծոցին: Փաստը ա՛յն էր, որ ես յա՛նկարծ հոգեփոխուեցայ հո՛ն, ջուրերուն ազդեցութեան տակ: Ո՛չ միայն վախ կամ խռովք չէր մնացած իմ մէջս, այլ, անհուն երջանկութիւն մը կը պարուրէր հոգիս: Ազատ կը զգայի ինքզինքս, ինչպէս թռչունն է՝ երկնքի կապոյտին մէջ, վայրի կենդանիներն են՝ անտառներու խորութեան մէջ:
Որքա՞ն տեւեց այդ անմոռանալի ճամբորդութիւնը: Թերեւս ժամեր, թերեւս հազիւ քանի մը վայրկեան, ի՞նչպէս կրնամ գիտնալ:
Բայց ի՛նչ որ բնաւ չեմ կրնար ըսել, ա՛յդ, անկէ յետոյ տեղի ունեցածն է:
Հուժկու ձեռք մը զիս յանկարծ բռնեց մէջքէս... Տաք շնչառութեան մը մօտենալը զգացի նախ, որ յառաջացաւ ուսիս վրայէն մինչեւ այտերս, յետո՛յ, գիրկընդխառնում մը…:
Զիս գրկեց եւ ես հլու անոր հետեւեցայ: Ճեղքեցինք ալիքները միասնաբար լողալով: Այնպիսի՜ դիւրութեամբ մը, որ շուտով ափն էինք արդէն: Սկսանք վազել մեռելներուն վրայէն, անցանք անծայրածիր անապատը:
Ան զիս առաւ ու տարաւ հեռո՜ւն, դէպի Արշալոյսը…
***
Կարօ Փօլատեանը «Անդաստան»ի մէջ, Փարիզ, հրապարակուած, յօդուածաշարք մը ունի՝ «Ֆրանսական արդի գրականութիւնը» վերանգիրով: Այդ շարքին մէկուն մէջ կը խօսի Գերիրապաշտութեան մասին: Այսպէս կը սկսի իր յօդուածը.
* Ո՛Չ միայն ֆրանսական, այլեւ ընդհանուր ազգերու գրականութեանց մէջ, Գերիրապաշտութիւնը, քսաներորդ դարու ամենէն կարեւոր գրական շարժումն է: Ան, աւելի բան մըն ալ է, չսահմանափակուելով լոկ գրականութեան մէջ:
Խումբ մը ֆրանսացի տաղանդաւոր երիտասարդներու պարզած ըմբոստութեան դրօշը, Առաջին համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին, ոչ միայն յանուն Արուեստին էր, իր արտայայտութեան բոլոր կալուածներուն մէջ, այլ աւելի ընդհանուր ձեւով, մարդկային մտածումին հիմնական յեղաշրջմանն ի խնդիր:
Գերիրապաշտները կ՚առաջարկեն նոր ըմբռնում մը բուն իսկ մարդկային կեանքին վերաբերեալ:
Իբր այդ, կարեւոր է ուրեմն ուսումնասիրութիւնը այս շարժումին, անհատներու թէ խումբերու կողմէ, եթէ անոնք կ՚ուզեն հասկնալ իրենց ժամանակը, փնտռել ներշնչման նոր աղբիւրներ, վերանորոգել իրենց արիւնը:
Հետաքրքրական ուրեմն հայ գրականութեան ալ համար:
Յաւակնութիւնը չունիմ, ի հարկէ, լման պատկերը տալու այս ընդարձակ, բազմաթիւ երեսակներ պարզող, բազմաթիւ հարցեր յուզող շարժումին: Իմս ընդհանուր ուրուագիծ մրն է «Անդաստան»ի մէջ սկսած «Ֆրանսական արդի բանաստեղծութիւնը» շարքին նեղ սահմաններուն մէջ դրուած («Անդաստան», 4, Փարիզ, 1954, էջ 65):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 12/27/2024