ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ՕՍԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Փենթակոնէ ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Սուրէն Պապիկեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի բանակէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ։ Ան նշեց համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները, որոնց նպատակն է Հայաստանի զինեալ ուժերու կերպափոխման իրագործումը, նաեւ ԱՄՆ-ի զինեալ ուժերու հետ համագործակցելիութեան մակարդակի բարձրացումը՝ ռազմական կրթութեան, մարտական պատրաստութեան, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցութեան նախապատրաստման շրջանակէ ներս վարժանքներ, արհեստավարժ սպայական եւ հրահանգչական կառոյցներու զարգացում, ուսումնավարժական կարողութիւններու ստեղծում եւ այլն։
Իր կարգին, Լոյտ Օսթին նշեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի Ուաշինկթըն այցելութիւնը պատմական է։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ կ՚աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու բարեկեցութեան։ Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնուիլ։ Օսթին ընդգծեց, որ ԱՄՆ պատրաստակամ է՝ Հայաստանի զինեալ ուժերու բարեփոխումներուն աջակցութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։
Սուրէն Պապիկեան եւ Լոյտ Օսթին հանդիպման ընթացքին քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք շօշափեցին նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։