ՓԱԿԵԼ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան համոզուած է, թէ աշխարհի վրայ առկայ այժմու մարտահրաւէրները ստիպողութիւն կը ստեղծեն՝ առաւել զգօն ըլլալու համար խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու մէջ։
Մալթայի տանտիրութեամբ, Վալեթայի մէջ կազմակերպուած ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Հայաստան շարունակաբար ապացուցած է Հարաւային Կովկասէ ներս թշնամութեան էջը փակելու իր պատրաստակամութիւնը»։
Նախարար Միրզոյեան ժողովի ընթացքին շեշտեց, որ Երեւան կը շարունակէ շինիչ ներգրաւուածութիւնը Պաքուի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն։
Նախարար Միրզոյեան Մալթայի մէջ ունեցաւ նաեւ բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց ընթացքին, ընդհանրապէս, միշտ ընդգծեց այն միտքը, թէ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ արագօրէն վերջնականացուիլ եւ ստորագրուիլ։