ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ ԽՈՀԱՆՈՑԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ

«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները այս շաբաթավերջին հետաքրքրական ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ընդհանրապէս ամանորեան սեղաններու եւ խոհանոցի մշակոյթի վերաբերեալ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ գրքի տօնավաճառի ձեւաչափին մէջ։ Մոտայի մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցան ձեռնարկները, որոնք համախմբեցին հոծ թիւով գրասէրներ եւ հետաքրքիրներ։

Ծրագրի ողնայարը կազմեց՝ խոհանոցի նիւթերով գիրքեր հեղինակած չորս դէմքի ասուլիսը։ Այդ հեղինակներն էին՝ Թագուհի Թովմասեան, Սիլվա Էօզյէրլի, Նատիա Շէնէր եւ Լեւոն Պաղըշ։ Թովմասեան Իսթանպուլի, Էօզյէրլի Տիարպաքըրի եւ Շէնէր Մարտինի խոհանոցին, աւանդութիւններուն եւ ամանորեան շրջանի նախընթացներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Իսկ Լեւոն Պաղըշ, որու գիրքը վերջին օրերուն լոյս տեսաւ «Արաս»էն, աւելի ընդհանուր խորհրդածութիւններով եւ դիտարկումներով հանդէս եկաւ։ Մինչ ատենախօսներու արտայայտութիւններու ընդմէջէն բիւրեղեցան Ամանորի սեղաններուն եւ աւանդութիւններուն վերաբերեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, զուգահեռաբար՝ այցելուները գիրքեր գնելու, հրատարակութիւններու ծանօթանալու կարելիութիւն ունեցան՝ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

Միւս կողմէ, այս ծրագրին մաս կազմեց նաեւ Ֆունտա Էրյիղիթի ընթերցումներով պատրաստուած ձեռնարկը, որու ընթացքին ան ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի՝ թրքերէնի թարգմանուած գործերէն բաժիններ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2024