ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԻԼԻԿԵԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Քոպանիէն խոյս տալով Ուրֆա ապաստանած, աւելի վերջ ալ Իսթանպուլի վրայով Երեւան ուղեւորուած Թովմասեաններու ընտանիքին անդամները արդէն աշխատանքի ձեռնարկած են՝ Հայաստանի մէջ իրենց համար նոր ապագայ մը կերտելու ուղղութեամբ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աղբիւրները երէկ հրապարակեցին վերի լուսանկարը, ուր Թովմասեաններու ընտանիքի անդամները կ՚երեւին իրենց նոր բնակարանին մէջ։ Անոնք հաստատուած են Երեւանի արուարձաններէն Սիլիկեան թաղամասին մէջ իրենց համար տրամադրուած յարմարաւէտ կացարանին մէջ։ Այսպէսով անոնց շուրջ երեք ամսուան դժուար գործընթացը աւարտին հասած է դրական արդիւնքով։