100-ԱՄԵԱԿ ՄԱՐԿՈՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ. ՀՈՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԱՆՈՒՆ
Մարկոս Գրիգորեան մեր ժամանակներու արդի արուեստի նուիրական անուններէն մէկն է, որ երկրէ երկիր անցնելով՝ իր հանգրուանը գտաւ Հայաստանի մէջ, բայց այնքան ալ իր երազած պայմանները չէին կեանքի վերջին տարիները…
Արուէստագետ, նկարիչ, 20-րդ դարու հողարուեստի մեծանուն անուններէն մէկն է Մարկոս Գրիգորեան, որուն 100-ամեակը լրացաւ դեկտեմբերի սկզբին: Արուեստագէտը 1924-ին ծնած է, սակայն ան իբրեւ իր ծննդեան թուական կը յայտարարէր 1925-ը: Հիմնականը Իրանի մէջ գործած հայ արուեստագէտին համբաւը հասած է աշխարհի բոլոր կողմերը: Արուեստագէտ, որ հայ ժողովուրդի կողմէ իր կենդանութեան օրօք այդպէս ալ պատշաճ կերպով չգնահատուեցաւ եւ մահէն ետք միայն գիտցան արժէքը… Մինչեռ՝ օտարներ կը գնահատէին եւ կը ջանային զանազան երկիրներու արուեստի կեդրոններու մէջ ունենալ Մարկոս Գրիգորեանէն գործ մը:
Անոր ստեղծած արուեստը իր մահէն յետոյ ալ կը շարունակէ լայն ճանաչում վայելել եւ բարձր գնահատանքի արժանանալ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ, ուր հեղինակաւոր կեդրոններէ ներս ներկայացուած են Մարկոս Գրիգորեան անունով անզուգական գործեր: Համաշխարային ճանաչումով այս արուեստագէտի ամենամեծ հաւաքածոն իր հայրենիքի մէջ է: Զայն կազմուած է թէ՛ իր ստեղծագործութիւններէն, թէ՛ այլ նշանաւոր արուեստագէտներու գործերէն, որոնք Մարկոս Գրիգորեան հաւաքած է տարիներու ընթացքին՝ բծախնդիր եւ ճաշակաւոր կերպով: Հաւաքածոն այժմ կը գտնուի «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ՝ «Միջին Արեւելքի արուեստի թանգարան» անունով: Արդէն երեք տասնեամեակ «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Մարկոս Գրիգորեանի անկրկնելի այս հաւաքածոն: Փաստօրէն, թանգարանի ներսը ստեղծուած է այլ թանգարան մը, հակառակ որ այս հաւաքածոյի նուիրաբերման ժամանակ արուեստագէտին խոստում տրուած էր, որպէսզի առանձին շէնքով մը պիտի ցուցադրուի հաւաքածոն, սակայն ան կրկին մնացած է նոյն շէնքին մէջ, իսկ թանգարանի սրահները նորոգուելէ ետք հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը կրկին բացուեցաւ նոյն վայրէն ներս:
Զայն Մարկոս Գրիգորեանի նուէրն է իր հայրենիքին՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ դստեր՝ Սապրինայի: Արդէն աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր ցուցադրուելով՝ զայն կը հիացնէ արուեստասէրները: «Միջին Արեւելքի արուեստի թանգարան»ը ունի երեք սրահներ, որոնց մէջ, ըստ նիւթերու բաժնուած է հաւաքածոն:
Մարկօ. այսպէս կը կոչեն արուեստի աշխարհին մէջ Մարկոս Գրիգորեանը, բացառիկ արուեստագէտ մը, որ ի տարբերութիւն դուրսը ստեղծագործած շատ մը հայ արուեստագէտներու, տեսաւ Հայաստանը, նուիրուեցաւ, կատարեց բազմաթիւ բարերարութիւններ, օժանդակեց արդի արուեստի զարգացման:
Հայրենիքին նուիրաբերուած իր հաւաքածոն կազմուած է հայկական, եւրոպական կիրառական արուեստի նմոյշներէ, գեղանկարներէ, գորգերէ, հողանկարներէ, Նախքան Քրիստոս 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ 20-րդ դարը ընդգրկող արուեստի շուրջ երկու հազար հինգ հարիւր ցուցանմոյշներէ: Հաւաքածոյին մէջ կը գերակշռեն Իրանի զանազան նահանգներու մշակութային արժէքներ, զրահադաշտական պաշտամունքային առարկաներ, Էլամի խեցեղէնի, վաղ պրոնզէ դարու խեցեղէնի, իսլամական միջնադարեան արուեստի բացառիկ նմոյշներ, իրանական եւ հայկական հնագիտական իրեր, միջնադարեան ձեռագրեր, իրանական մանրանկարչութիւն, ուշ միջնադարեան ղաջարական կերպարուեստի նմոյշներ, ազգագրական իրեր, հողով շինուած նկարչութեան հազուագիւտ կտաւներ, որոնց հեղինակը ինքն է՝ Մարկոս Գրիգորեան:
Մարկօ իր այս հաւաքածոյի զգալի մասը ձեռք բերած է Իրանի մէջ ապրած տարիներուն եւ զայն Հայաստան տեղափոխած է 1993 թուականին, երբ Հայաստանը նոր անկախացած էր եւ բազմաթիւ սփիւռքահայեր մեծ յոյսեր ունէին հայրենիք գալու, հոն ապրելու եւ ստեղծագործելու առումով: Արուեստագէտը միաժամանակ գծանկարներ կատարած է գորգերու համար, իսկ ինք անձամբ գործած է գորգեր, որոնք նոյնպէս ցուցադրուած են Հայաստանի մէջ: Անոր հեղինակած գորգերը կը կրեն հայկական քաղաքներու եւ պատմական անձերու անուններ՝ «Էրեբունի», «Արամազդ», «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ», «Գառնի» եւ հիւսուած են խորհրդանշական պատկերներու միջոցով՝ եղջերաւոր կենդանիներով եւ այլ նկարներով: Կան որոշ գորգեր, որոնք ունին հեքիաթային եւ առասպելական էակներու անուններ՝ «Ոսկեայ հաւքը», «Խենթ աքաղաղը» եւ այլն:
Մարկոսի արուեստը բազմաթիւ անգամներ արժանացած է օտար արուեստաբաններու ուշադրութեան: Այդ արուեստը իւրօրինակ դպրոց մըն է զանազան քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող արուեստագէտներու համար եւ մինչ օրս տակաւին կը մնայ լիովին չուսումնասիրուած: Ան ծնած է 5 դեկտեմբերին՝ Հիւսիսային Կովկասի Քրոփոտքին քաղաքը, ընտանիքի մը մէջ, որ Քրոփոտքին տեղափոխուած է Կարսէն: 1930 թուականին ընտանիքը Քրոփոթքինէն փոխադրուած է Իրան, սկզբնական շրջանին բնակած է Թաւրիզ, այնուհետեւ՝ Թեհրան: Իր նախնական կրթութիւնը Մարկոս Գրիգորեան ստացած է Իրան:
1950 թուականին ուսանած է Հռոմի Գեղարուեստից կաճառին մէջ:
1954 թուականին, կաճառը աւարտելէ յետոյ վերադարձած է Իրան, բացած գեղագիտական պատկերասրահ:
1958 թուականին հայ արուեստագէտը Իրանի մշակոյթի նախարարութեան հովանիի ներքեւ կազմակերպած է Թեհրանի մէջ առաջին պիէնալէն:
Մարկոս Գրիգորեան դասաւանդած է Իրանի Գեղարուեստից կաճառին մէջ:
Շատ են թիւը այն երկիրներու, ուր զանազան քաղաքակրթութիւններ եւ զանազան սերունդներ ներկայացնող բազմաթիւ արուեստագէտներ զիրենք կը նկատեն աշակերտներն ու հետեւորդները հայազգի նկարիչ Մարկոս Գրիգորեանի, որուն արուեստը կէս դարէ աւելի է՝ համաշխարհային արուեստի իրողութիւն է։
Մարկոյի արուեստը ներկայացուած է Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի, «Ռոքֆելլըր» կեդրոնի հաւաքածոներու մէջ, Հռոմի, Թեհրանի պատկերասրահներէն ներս եւ այլ նշանաւոր վայրերու մէջ:
Իր վրձնած գեղանկարները կը գտնուին հարուստ հաւաքորդներու հաւաքածոներու մէջ, անձնական տուներու եւ գրասենեակներու պատեր կը զարդարեն:
Հաւաքածոն, որ կը ցուցադրուի Երեւանի թանգարանին մէջ, ո՛չ միայն Մարկոս Գրիգորեանի անունը կը կրէ, այլ նաեւ իր դստեր՝ վաղամեռիկ արուեստագիտուհի, դերասանուհի, լրագրող, արուեստի գործիչ Սապրինա Գրիգորեանի, որու անունը նոյնպէս միանգամընդմիշտ կապուած է այս թանգարանին:
Եւ կան տուեալներ, թէ Մարկօ իր հարուստ հաւաքածոն հաւաքած եւ հարստացուցած է իր արուեստագիտուհի դստեր համար, սակայն դստեր կեանքէն անսպասելի հեռանալը մղած է արուեստագէտը՝ հաւաքածոն նուիրել Հայաստանին:
Սապրինա Գրիգորեան ծնած է Հռոմի մէջ, այն տարիներուն, երբ Մարկոս Գրիգորեան արուեստագէտի գործունէութեամբ իր տիկնոջ՝ Ֆլորա Ադամեանին հետ Հռոմ կը գտնուէր: Մեծ եղած է Մարկոյի ազդեցութիւնը Սապրինայի վրայ, ան միշտ հետեւած է դստեր գործունէութեան եւ աջակցած է անոր: Սապրինա իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի մէջ, իսկ միջնակարգը՝ Նիւ Եորք, ուսանած է նաեւ Զուիցերիա: Վերադառնալով Թեհրան՝ ծանօթացած է Թեհրանի «Դիմակներ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Պատրիսա Զիքիի հետ եւ սկսած է մասնակցիլ «Դիմակներ»ու ներկայացումներուն: Առաջին անգամ ան բեմ ելած է Թեհրանի հայկական «Արարատ» ինքնագործ թատերախումբին հետ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներու մէջ է» թատրերգութեան մէջ՝ հանդէս գալով Ճոնիի դերակատարմամբ: Այդ բեմադրութիւնը իր ժամանակին նկատուած է ամենէն նշանակալի իրադարձութիւնը՝ թեհրանահայ համայնքի թատերական կեանքին մէջ:
Իր կրթութիւնը արուեստի մէջ հիմնաւոր դարձնելու համար Սապրինան մեկնած է Լոնտոն, ուսանած է երաժշտութիւն, թատրոն, ժամանակակից արուեստի հիմունքներ, ուսումնառութեան տարիներուն ճամբորդած է եւրոպական արուեստի մայրաքաղաքներով: Յետագային տաղանդաւոր այս հայուհին աշխատած է նաեւ հեռատեսիլի բնագաւառէն ներս, Նիւ Եորքի NBC հեռուստաընկերութեան մէջ, հեղինակած է երաժշտական-թատերական յօդուածներ, գրած եւ բեմադրած է հեռուստատեսային թատերախաղեր: Սապրինա Գրիգորեանի յօդուածները լոյս տեսած են նաեւ «Delta SKY Magazine», «Ladies Home Journal», «Division Magazine» եւ այլ պարբերականներու մէջ:
1986 թուականին, տակաւին չլրացած անոր երեսուն տարին, Սապրինան Նիւ Եորքի մէջ յանկարծամահ եղած է, իսկ անոր անսպասելի մահը ցնցած է ծնողքը, հարազատները, երկրպագուները: Շատ էին երիտասարդ աղջկան արուեստի երկրպագուները, որոնք կը հետեւէին Սապրինայի գործունէութեան: Իր վիշտը փարատելու համար հայրը՝ Մարկօ Գրիգորեան դստեր անունով կոչած է իր արուեստի հաւաքածոն եւ յիշատակը պահելու համար փոխադրած Հայաստան՝ յուսալով, որ հայրենիքի մէջ այդ յիշատակը աւելի վառ կը մնայ:
Դժուար կեանք մը ունեցած է Մարկօ Գրիգորեան: Ան, սակայն, ապրեցաւ իր կեանքի վերջին տարիները Հայաստանի մէջ՝ այն յոյսով, որ իր օրինակին կը հետեւին բազմաթիւ հայ հաւաքորդներ ու արուեստի նուիրեալներ ու իրենց հաւաքածոները օտար երկիրներէն կը տեղափոխեն Հայաստան: Արուեստագէտը նոյնիսկ խօսք տուած էր, որ թանգարանի շէնք ունենալու պարագային կը հաւաքէ նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ գտնուող իր գործերը եւ Հայաստան կը փոխադրէ, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ:
ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ
Հայաստան տեղափոխուելէն տարիներ ետք՝ 2007 թուականին, Մարկօ Գրիգորեան ենթարկուեցաւ դաժան յարձակումի եւ կողոպուտի. յանցագործները, գիտնալով, որ Մարկոն վաճառած է Գառնիի շրջանը գտնուող իր առանձնատունը եւ իր մօտ է վաճառքի համար ստացած կանխավճարը, մուտք գործած են Երեւանի կեդրոնը գտնուող անոր բնակարանը, դաժանօրէն ծեծած են արդէն ծերութեան սեմին գտնուող արուեստագէտը, կողոպտած տունը, իսկ Մարկոն տեղափոխուած է հիւանդանոց, քիչ մը ապաքինած է, բայց այդ դէպքէն երեք շաբաթ վերջ՝ 27 օգոստոսին, մահացած է: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետք Մարկոն կը վախնար իր բնակարանը երթալ, ան կը բնակէր այլ տունի մը մէջ, որպէսզի չգիտնան իր գտնուած վայրը, եւ այդ տունին մէջ ալ կը մահանայ՝ առանձին ու տխուր:
Նման անփառունակ վախճան կ՚ունենայ նշանաւոր արուեստագէտը՝ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր արուեստին, հայրենիքին, իր հարուստ հաւաքածոն բերած Հայաստան եւ մեծ փափաք ունէր օր մը ցուցադրուած տեսնել այդ բոլորը: Իր կենդանութեան օրերուն Մարկօ չտեսաւ իր այդքան փափաքած ցուցադրութիւնը, հակառակ անոր, որ մեծ ջանքեր ներդրեց ատոր համար, շատ խոստումներ ստացաւ, բայց հեռացաւ կեանքէն՝ այդ նուիրական երազը սիրտին մէջ:
ՅԵՏՄԱՀՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿ
Այսօր, իր մահէն տարիներ ետք, երբ անոր հաւաքածոն խնամքով ու ջերմութեամբ ցուցադրուած է Արամի 1 հասցէին գտնուող թանգարանը, կարելի է նկատել, որ ան տուրք է ո՛չ միայն մեծ արուեստագէտին, նշանաւոր հաւաքորդին եւ բարերարին, այլ նաեւ՝ յիշատակի վկայութիւն է անոր նոյնքան տաղանդաւոր վաղամեռիկ դստեր՝ Սապրինային: Սապրինա Հայաստան չէ այցելած, բայց թանգարանի այս ցուցադրութեամբ անոր անունը արդէն մտած է Հայաստանի ժամանակակից արուեստի պատմութեան մէջ, իսկ իր մահէն ետք Մարկօ դստեր յիշատակին հիմնած է «Սապրինա Գրիգորեան» երաժշտութեան եւ թատրերգութեան մրցանակը, որ շրջան մը կը տրուէր Նիւ Եորքի, Լոնտոնի եւ Երեւանի երիտասարդ ու շնորհալի արուեստագէտներուն: Երեւանի մէջ նաեւ գիրք գրուած է Սապրինայի մասին, որու հեղինակը թատերական քննադատ Գէորգ Աբաջեանն է: Այսօր գիրքն ու թանգարանն են, որ կը պատմեն այս երկու զարմանալի արուեստագէտներուն՝ հօր եւ դստեր մասին:
100-ԱՄԵԱԿԸ՝ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ
Մարկոս Գրիգորեան ընդհանրապէս կը նկատուի Իրանի արդի արուեստի հիմնադիրը:
Հայաստանի մէջ արուեստագէտի 100-ամեակի առթիւ տակաւին ձեռնարկ մը չյայտարարուեցաւ, մինչդեռ Իրանի մէջ պիտի նշուի այս նշանակալի յոբելեանը: Շուտով Թեհրանի «Ժամանակակից արուեստներու թանգարան»ին մէջ կը բացուի «Ակնարկ Մարկոս Գրիգորեանի ստեղծագործական աշխարհին ու կեանքին» երկամսեայ ցուցահանդէսը: Զայն կազմակերպած է «Մարկոս Գրիգորեան հիմնադրամ»ը, որու տնօրէնը Միշէլ Ալահվերդտեանն է: Գեղանկարներէն, արձանագրութիւններէն ու խեցեգործական, կղմինտր ու մետաղական աշխատանքներէ զատ, «Իրանի ժամանակակից արուեստի թանգարան»ին մէջ ցուցադրութեան պիտի դրուին նաեւ արուեստագէտի ձեռամբ գործուած ինն գորգ, որոնք Հայաստանէն Թեհրան պիտի տեղափոխուին յատուկ այս ցուցահանդէսի համար: Անոնց հետ կը ցուցադրուին եւս քսան այլ ստեղծագործութիւն՝ Մարկոս Գրիգորեանէն, որոնք կը պահուին Իրանի այդ թանգարանին մէջ եւ այդ թանգարանի սեփականութիւնն են: Նպատակ կայ այս ցուցահանդէսը կրկնել նաեւ Հայաստանի շրջաններուն մէջ:
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ՝ ԱՆՅԱՅՏ
«Մարկոս Գրիգորեան հիմնադրամ»ի տնօրէնը նաեւ այս օրերուն մանրամասնութիւններ յայտնած է Մարկոս Գրիգորեանի հետ կատարուած ցաւալի պատմութենէն յետոյ անոր ժառանգութեան մասին: Այդ հարցը նաեւ կը հետաքրքրէ Մարկոսի արուեստի գնահատողները: «Անոր մահէն յետոյ մէկ անգամէն աշխարհի տարօրինակ մէկ անկիւնէ՝ Մակեդոնիայէն Հայաստան կու գայ Մարկոս Գրիգորեանի կէս հայ, կէս մակեդոնացի զարմիկը: Դատարանի որոշմամբ անոր կը յաջողուի տան պատերէն ներս եղած-չեղածը դուրս տանիլ Հայաստանէն: Այսպիսով, Մարկոս Գրիգորեանի ստեղծագործութիւնները գրեթէ անհասցէ կորսուեցան կամ կը կորսուին աշխարհով մէկ: Միայն յաջողուած է փրկել այն գործերն ու ստեղծագործութիւնները, որոնք ան նուիրած էր Հայաստանի թանգարաններուն կամ անհատներուն: Ի հարկէ, անոնք ունին համապատասխան գրութիւն հեղինակի ստորագրութեամբ», կ՚ըսէ Միշէլ Ալահվերտեան: Արուեստագէտին անունը կրող հիմնադրամն ալ մէկ տարի առաջ ստեղծուելով՝ նպատակ ունի պահել ժառանգութիւնը, աշխարհով մէկ փնտռել եւ գտնել անոր գործերը, ցանկագրել եւ զանոնք ներկայացնել ցուցադրութիւններու միջոցով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան