ԿԵՂԾ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ
Կեանքը ժամանակ մը ետք կը սորվեցնէ, որ խօսքը ինչքա՛ն ալ ազդեցիկ ըլլայ, որոշ հասունութենէ ետք մարդ գործն է, որ կը փնտռէ, լաւապէս համոզուած ըլլալով, որ խօսքը նման է երազներու, զորս կարելի է հիւսել ու յօրինել, մինչ գործը յստակ ապացոյցն ու հայելին կը դառնայ իրականութեան: Խօսքով շատ անգամ մարդասպանն անգամ մարդասէր, գողն անգամ ողորմած կրնայ դառնալ՝ այնպէս ինչպէս մեր իրականութեան մէջ շատ անգամ անհայրենիք մարդիկ հայրենասէր կը դառնան: Վերջապէս խօսքը ձրի պարգեւն է մարդուն, որ երազի մը ճկնութեամբ կրնայ փոխել մարդը՝ ճշմարտութենէն տանելով երեւակայածին աշխարհ մը:
Երեւակայածին այդ աշխարհին մէջ բոլորը բարի, բոլորը ազնիւ ու հայրենասէր են. այդ աշխարհին մէջ բոլորը զոհերն են անարդարութեան եւ անիրաւ մարդոց եւ նոյնիսկ իրենց սեփական թերացումները պատճառն ու արդիւնքն են այլոց: Խօսքը մարդուն համար ո՛չ միայն արտայայտութեան միջոց, այլ նաեւ արուեստ է, նկարելու համար կեանք մը, որ իրականութեան մէջ իտէալական է, սակայն հեռու է ճշմարտութենէն. սակայն, զարմանալին է հո՛ն է, որ մարդ գիտէ, թէ ինչն է ճիշդն ու իտէալականը, սակայն, իր կեանքը այդ ճիշդին ենթարկելու փոխարէն կը բաւարարուի խօսքով ճիշդին քարոզիչը դառնալ՝ առանց փոփոխութեան:
Հայ ժողովուրդին մէջ շատ են խօսքի խաբեբաները, որոնք ո՛չ միայն դիմացինը, այլ շատ անգամ իրենք զիրենք նաեւ կը խաբեն, մանաւանդ երբ նիւթ ըլլայ հայրենասիրութիւնը: Այդ ստախօսութիւնը սկիզբ կ՚առնէ նախ պետական մարմիններէն. այսօր ազգային ժողովը լեցուն է նախարարներով, որոնք հայրենասիրութիւն կ՚երգեն, հայ ազգին համար կեանք մը ամբողջ տալ կը խոստանան, սակայն, հազար ու մէկ հնարամտութիւններ կը ձեռնարկեն, իրենց հարազատ զաւակները հեռու պահելու բանակէն ու ծառայութենէն. այսօր մեր պետութեան մէջ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք պատրաստ են ուրիշներու ազգի ծառայութեան կարեւորութեան մասին խօսին, սակայն, իրենք հեռու մնան նոյնինքն իրենց քարոզածէն եւ մեր հայութեան հիմնական հարցերէն մէկը այս է։ Մենք լիովին չենք հաւատար այն բաներուն, ինչ որ կը քարոզենք. նման ենք այն եկեղեցականին, որ չի՛ հաւատար Յիսուս Քրիստոսի յարութեան, սակայն, հոգիով ու սիրովս խորանէն կը պատմէ, թէ ինչպէս Յարեաւ Քրիստոս։ Հայրենասիրութեան կապուած գեղեցիկ ու ուռճացած բառերը մարդը հայրենասէր չեն դարձներ։ Լիբանանի մէջ կար առաջնորդ մը, որ լիբանանեան պատերազմի ժամանակ իր հարազատ զաւակը կորսնցուց մարտի դաշտին վրայ. ժողովուրդը սիրեց այդ առաջնորդը, որովհետեւ ուրիշներու զաւակը մարտի ղրկելու փոխարէն առաջին հերթին իր հարազատ զաւակը ղրկեց որպէս օրինակ եւ հաւատացէք, որ օրինակը շատ աւելի նշանակութիւն ունի մարդոց համար քան խօսքը:
Մի քանի օրեր առաջ տեսայ, որ հայ երիտասարդ աղջնակ մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայերը կը գտնէ եւ անոնց հետ կարճ հարցազրոյց մը կ՚ունենայ եւ հարց կու տայ, թէ որո՞նք են Ամերիկայի դրական, ինչպէս նաեւ ժխտական կողմերը: Մեզ զարմացնողը ա՛յն է, որ ո՛չ ոք գոհ է Ամերիկայէն, բոլորը ունին Հայաստանի եւ հայրենիքի կարօտը, սակայն, տարօրինակ ձեւով ո՛չ ոք կ՚ուզէ վերադառնալ Հայաստան եւ տրամաբանականօրէն ամենէն պարզ հարցերը կը ծագի մեր գլխուն մէջ. «ինչո՞ւ համար ապրիլ երկիրի մը մէջ, զոր չէք սիրեր». «ինչո՞ւ համար չվերադառնալ երկիր մը, որուն կարօտովը կ՚այրիք». եթէ Ամերիկան կ՚ատէք, սակայն չէք ուզեր դուրս գալ, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի համար հոգի կու տաք, սակայն չէք ուզեր վերադառնալ... Անտրամաբանական հակասութիւն մը գոյութիւն ունի. վստահաբար, հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ առկայ են Ամերիկան ատելով հանդերձ Հայաստան չվերադառնալուն, սակայն, այդ պատճառաբանութիւնները եւս տարօրինակ կը թուին. բոլորը կ՚ուզեն պատերազմի մը յաղթել, սակայն, միաժամանակ կ՚ուզեն իրենց զաւակները հեռու պահել այդ մարտերէն. բոլորը կ՚ուզեն Հայաստանը զարգանայ, սակայն, իրենք հեռու մնալ զարգացման այդ գործընթացէն։ Այսօր բոյս մը անգամ եթէ չխնամես ու չհոգաս, առողջ ձեւով չ՚աճիր. ալ ո՛ւր մնաց հայրենիքը: «Հայրենիքը լաւ թող ըլլայ կը վերադառնամ», արտայայտութիւնը յաճախ «հայրենասիրութիւն» կը կարծուի. այդ մէկը հեռու է հայրենասիրութիւն ըլլալէ. իսկական հայրենասէրները անոնք են, որոնք օտարութեան մէջ լաւանալը սպասելու փոխարէն ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի լաւացնեն հայրենիքը. անոնք են, որոնք օրհասական ժամին ո՛չ միայն իրենց զաւակները պատերազմի կը ղրկեն, այլ անձամբ իրենք կ՚երթան հայրենիքին համար իրենց պարտքը տալու։ Հաւատացէ՛ք, որ հայրենասիրութիւնը տարուան արձակուրդին Հայաստան գալով չ՚ըլլար. կարծես մեր դպրոցներուն մէջ լաւապէս չեն սորվեցներ աշակերտներուն, թէ ի՛նչ է ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը: Մարդկային կեանքին մէջ եւս նոյնը չէ՞. եթէ այսօր իմ տխրութեանս ժամանակ, իմ նեղութեանս ատեն քովս չես, օգնական չես, իմ ուրախութեանս ժամանակ ալ մի՛ ըլլար. նոյն տրամաբանութեամբ հայրենասէր է ան, որ հայրենիքի նեղ օրերուն, դժուարին պայմաններուն մէջ անոր մէջ կ՚ապրի, կը պայքարի, որպէսզի այդ վատ կեանքը բարեփոխէ դէպի լաւը՝ փոխանակ ուրիշի կողմէ կատարուած զոհողութեամբ անոր բարեփոխութիւնը սպասէ:
Այսօր խօսքով ազգի շահերը պաշտպանողներն ու ազգապաշտ դարձողները շա՜տ շատ են. գործն է, որ կ՚որոշէ ճշմարիտն ու սուտը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգս շատ կը սիրեմ, սակայն հեռու մնալով կը սպասեմ լաւ վիճակ ստանայ. ես հայրենասէ՞ր եմ:
Պատասխան. Հայրենասիրութիւնը ներկայութեան կողքին կը չափուի նաեւ սիրով եւ հաւատարմութեամբ. Հայրենիքը սիրել եւ հեռուէն անոր լաւ ըլլալը ցանկանալը զգացմունքային խոր կապ մըն է, սակայն, իսկական հայրենասիրութիւնը պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը ներշնչէ: Աւելի լաւ վիճակին սպասելը կրնայ սէրը չպակսեցնել, սակայն, անոր բարձրանալուն նպաստելն ու այդ գործին մէջ ներգրաւուիլը հայրենիքի հանդէպ սէրը աւելի իմաստալից կը դարձնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան