ՅՍՏԱԿ ՊԱՏԳԱՄ

Մինչ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եկած են յեղաշրջել միջազգային օրակարգը, երէկ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այս նիւթին կապակցութեամբ դռնփակ նիստ մը գումարեց։ Նիւ Եորքի մէջ միջազգային հաւաքականութեան ներկայացուցիչները արժեւորեցին Սուրիոյ նոր իրադրութիւնը՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ համայնապատկերին վրայ։ Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ, այժմ արդէն նախկին նախագահ Պեշար Էսատի տապալումին զուգահեռ՝ դաշտի վրայ ուշագրաւ այլ իրադարձութիւններ ալ կ՚արձանագրուին։ Այսպէս, Իսրայէլի հրասայլերը արդէն սկսած են խորանալ Սուրիոյ տարածքէն ներս ու ըստ վերջին տուեալներուն՝ կը գտնուին մայրաքաղաք Դամասկոսէ 21 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիայէն կը հնչեն յստակ պատգամներ՝ քանի համաշխարհային մակարդակով բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թուրքիոյ վրայ։ Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, ժողովի աւարտին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ աչք չունի որեւէ երկրի հողին կամ ինքնիշխանութեան վրայ։ Էրտողան այս առթիւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերահաստատման զուգընթաց՝ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած գաղթականներու վերադարձն ալ թափ պիտի ստանայ։ «Եթէ մեր սրտին մէկ կէսը Կազիանթէփն ու Հաթայն է, միւս կէսը Հալէպն ու Դամասկոսն է», ըսաւ Էրտողան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին եւ յաղթանակի առթիւ շնորհաւորեց սուրիացիները։ Ի լրումն այս բոլորին, հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան միջավայրին մէջ Թել Ռիֆաթն ու Մենպիչը մաքրագործուած է ահաբեկիչներէն, ինչ որ ողջունելի է թրքական կողմին տեսակէտէ։ Կառավարութեան նիստին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան խստիւ քննադատեց նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը, որ երկար տարիներէ ի վեր բուռն ձեւով կը քննադատէր Սուրիոյ պարգային որդեգրուած քաղաքականութիւնը։

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Այսինքն, Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան դռնփակ նիստէն առաջ Անգարա-Նիւ Եորք առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակով շփում մը տեղի ունեցաւ։ Բացի Կութերեսէն, Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ՝ նոյնպէս արծարծելով Սուրիոյ իրադրութիւնը։

Սուրիոյ մէջ արդէն ընթացքի մէջ է հարթ իշխանափոխութեան մը կազմակերպման գործընթացը։ Երկրի բոլոր քաղաքներէն ներս նոր իրադրութեան պայմաններով համապատասխան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։ Ըստ հաղորդումներուն՝ այս բոլորը ընդհանուր առմամբ խաղաղ մթնոլորտով կ՚ընթանայ։ Երէկ, Սուրիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ պատրաստ է յանձնելու իշխանութիւնը։ Աւելի ուշ տեղեկացուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ անցումային կառավարութեան ղեկավար նշանակուած է Մուհամմէտ էլ Պաշիրի։ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ եկած ղեկավարութիւնը երէկ համաներում յայտարարած էր՝ պարտադիր զօրակոչուածներուն համար։ Յամենայնդէպս, կան նաեւ լուրեր, ըստ որոնց՝ լուրջ զանգուած մըն ալ այս փուլին կը փափաքի հեռանալ Սուրիայէն եւ այդ մարդիկ կուտակուած են մանաւանդ՝ Լիբանանի սահմանին վրայ։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ հայոց կացութեան նկատմամբ անմիջական ուշադրութիւնն ալ կը շարունակուի՝ համայն աշխարհի հայութեան կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ հաղորդուածները մասնաւոր մտահոգութեան կամ խուճապի պատճառ դառնալու բնոյթ չունին։ Երէկ, Հալէպի ռազմական կառավարման պատասխանատուները հանդիպած են շրջանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ՝ ներառեալ հայոց առաջնորդը։ Զանազան հայ գործիչներու հրապարակումները ուշադրութիւն կը գրաւեն հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, մասնաւորապէս Հալէպի մէջ ջանքեր կը գործադրուին՝ կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու համար։ Սուրիահայ զանազան գործիչներ այս փուլին կ՚ընդգծեն, որ համայնքի տեսակէտէ առաջնահերթութիւն կը համարուի երկու պարագայ։ Առաջինը՝ անվտանգութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ համայնքի ցարդ վայելած իրաւունքներուն յառաջիկայ շրջանին ալ շարունակումը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024