ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կետէոն Սաար նախընթաց օր Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք շօշափեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Սաար եւ Հաճիեւ կանգ առին նաեւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան ամուր յարաբերութիւններուն վրայ։

Բաց աստի, Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոքն ալ ընդունեց Հիքմէթ Հաճիեւը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի նորանշանակ ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Այս առթիւ Ճէյհուն Պայրամով շնորհաւորեց Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ, իր հերթին, կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի հետ Ատրպէյճանի համագործակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024