ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ այս եկեղեցւոյ քարոզիչ ու հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ օրհնութիւն ստանալու համար շաբաթավերջի արարողութիւններուն ընդառաջ։ Արդարեւ, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին միջոցէ մը ի վեր բարեկարգման աշխատանքներու կ՚ենթարկուէր։ Ներկայիս նախագիծը կեանքի կոչուած է եւ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրին մէջ շաբաթավերջին պիտի մատուցուի նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն հետ զրուցելու ընթացքին թարմ տեղեկութիւններ քաղեց՝ եկեղեցւոյ այժմու վիճակին եւ թաղային խորհուրդի ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ իր օրհնութիւններն ու յարատեւութեան մաղթանքները յղեց թաղային խորհուրդին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024