ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Անգարայէն վերջին օրերուն հետեւողական պատգամներ կը հնչեն՝ ուղղեալ Հարաւային Կովկասի եւ մանաւանդ՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Թուրքիա միշտ հետամուտ կը մնայ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ՝ 15-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն առջեւ։ «Մենք կը փափաքինք, որպէսզի Ղարաբաղի բռնագրաւումէ ազատագրումով ներկայացած պատմական հնարաւորութեան թագն ու պսակը դառնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը», ըսաւ նախագահ Էրտողան այս առթիւ։
Մինչ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ հասած է ամենամօտ կէտը։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի խաղաղութեան բոլոր ջանքերուն։
Վերջին օրերուն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ ալ նոյն շեշտադրումը կատարուած էր։
Միւս կողմէ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն ալ կը շարունակուի նոր իրադարձութիւններով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը կը մնան ուժի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին։ Ան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչն է։ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ շուրջ ամիս մը առաջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի զանազան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է սահմանին վրայ։ «Գնահատուած են թեքնիք կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն օգտագործելու Ախուրիկ-Աքեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը։ Հանդիպումը անցած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ», տեկեղացուց Ռուբէն Ռուբինեան։
Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ երկրի Սահմանադրութիւնը տարածքային որեւէ պահանջ չի պարունակեր հարեւան երկիրներու դէմ։ Պաքուէն հնչած պնդումներուն հակադարձելով՝ Փաշինեան յիշեցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանի 2024 թուականի սեպտեմբերի 26-ի որոշման մէջ նշուած է, թէ Սահմանադրութեան նախաբանէն ներս անկախութեան հռչակագրի յղումը կը վերաբերի բացառապէս հռչակագրի այն դրոյթներուն, որոնք ամրագրուած են Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին հարցազրոյցի մը ընթացքին պնդեց, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքէն ներս՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը սկսած է նուազիլ։ «Ատրպէյճանն ու Հայաստանը առանձնապէս չեն հետեւիր խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդներուն՝ գերադասելով բոլոր հարցերը ինքնուրոյնաբար լուծել», ըսաւ ան։