ՀԱԼԷՊ... ԴԱՐՁԵԱԼ ՎԻՐԱՒՈՐ
Չեմ կարծեր որ այս օրերուն տակաւին գտնուի մէկը, որ լսած չըլլայ Հալէպի եւ կամ հոնկէ հասնող լուրերու մասին: Բայց, իբրեւ հարազատ քաղաքացի կրկնութեան գնով ըսեմ, որ գեղեցիկ է մեր քաղաքը։ Հակառակ այս օրերու իր տխուր «տեսարանին», տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը։ Ինքնատիպ եւ նահապետական։ Նաեւ աւելցնեմ, որ Հալէպ՝ մեր այս քաղաքը, որ մեզմէ շատերու ծննդավայրն ալ է, մեզի հետ կը խօսի ամէն օր։ Մեզի հետ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ մեր ժամերը։ Հովը, օդը երգել կու տան, հարազատ հրապոյրով ու մանաւանդ բնական եւ ճակատագրական յատուկ հանգոյցով։
Հին է մեր քաղաքը։ Աշխարհի պատմութեան չափ հին։ Հո՛ն, պարզութիւն կայ, բնական եւ աւանդապաշտ։ Կայ նաեւ անսակարկ սէր, հիւրընկալ, ներողամիտ ոգի եւ վաղուան հաւատացող հայութիւն։ Ինք, իր հայ գաղութով ինքնուրոյն դիրքն ու տեղը ունի սփիւռքի մեր կեանքին մէջ։ Ոսկիէ կամուրջ մը, հայուն հինին եւ նորին միջեւ։ Պատմուած եւ դեռ պատմուելիք հեքիաթներու քաղաքն է ինք՝ դրախտային ըլլալով հանդերձ։
Հալէ՛պ... ողորմած հայրս մեզի միշտ ըսած էր, թէ Հալէպ հայութեան թագն ու պարծանքն է:
Սակայն, մեր քաղաքը այս օրերուն որքա՜ն կարօտ է խաղաղութեան։ Ու տաժանելի է այս մէկուն բացակայութիւնը։ Հո՛ն, տակաւին հայ մարդոց միտքը անհանգիստ է։ Որովհետեւ, ան դարձեալ իր կշռոյթը կորսնցուցած է։ Իր կեանքի համը փոխուած։ Արդեօք, տակաւին ինչե՜ր կան պահուա՞ծ մեր այս գաղութին գլխին: Չեմ գիտեր: Պատասխան չունիմ:
Շատերուն նման ես ալ կորսուած եմ:
Ու ամէն օր, «թիվիին» եւ նոյնքան ալ «Ֆէյսպուք»ին դիմաց նստած, ագահօրէն կը դիտեմ տագնապող եւ նման հարցերու մէջ ճարճատող ծննդավայրէս հասած եւ ցուցադրուած նկարները: Ու ինքնաբերաբար տարիներու հեռաւորութենէն, յուզումով, կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով, եզակի եւ անհանգիստ պահեր կը սկսիմ ապրիլ:
-Ի՞նչ լուր Հալէպէն.- հեռաձայնով կը հարցնեմ բարեկամներուս: Ու անհամբեր բոլոր հալէպցիներուն նման, ես ալ իմ կարգիս մեծ մտահոգութենէս ծնունդ առած այս հարցումը կը կրկնեմ, սպասելով խապրիկներու եւ աւելին՝ բախտաւոր օրերու լուսաբացին:
Ներկայիս գոյութիւն ունի, ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն: Ու գաղտնիք մը չէ, որ Հալէպ դարձեալ «աղմկոտ» դարձած է եւ նոյն այդ աղմուկը գողցած է մեր բոլորին ուրախութիւնը, մտքի հանգստութիւնը, երազներու իրականացումը: Բոլորիս հոգիներուն մէջ բան մը փլած է: Թէեւ վառ է գաղութի ազգային ջիղը, վերապրելու եւ մանաւանդ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը, բայց այնպէս կ՚երեւի, թէ մեր ազգային երազները դարձեալ սկսած են ցնդիլ: Անոր համար յոյսի բառեր փնտռելով զբաղուած ենք ամէն վայրկեան:
Ինչպէ՞ս ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը: Բոլորիս միտքերը կանգ առած են մտածելէ: Ապշած են: Շուարած են: Ինչպէ՞ս չափել հետեւանքները: Ինչպէ՞ս հաւատք փոխանակել ներկայ իրականութեան: Դարձեալ յոյսի սպասում: Քանի մը տարիներու խաղաղութիւնը մնացած է երանութեան գիրկը ու կեանքի սովորական հոսքը պղտորած: Հապա՞ անժամանակ երկրաշարժը: Իրարանցում, մտահոգութիւն, տաղտուկ, անորոշութիւն եւ վախազդու անստուգութիւն: Ամէն բան տեսարան դարձած է: Խաղաղութիւնը սուտ դարձած է: Անոր համար բոլորս ալ, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, մեր խոնաւ աչքերը կրկին դէպի վեր՝ Ամենակալին ուղղած ենք: Արդէն անօրինակ տաղտուկ մը բոյն դրած է մեր միտքերուն մէջ: Սարսափելի: Վախազդու: Կրկին սկսած ենք այպանել ճակատագիրը: Որովհետեւ, չար սատանայ, Հալէպ կրկին բռնած է նոր չարչարանքի մը ճամբան: Համահայկական ցաւ: Հոն կեանքը բանտի վերածուած է: Տեսակ մը անհամ, թունաւոր եւ ցաւալի: Հայ կեանքի շօշափելի տագնապ: Քաղաքը, իր պարզութիւնը իր կեանքին հետ կորսնցուցած ալ է:
Կ՚ուզենք շուտով մեր հայրենակիցներուն խուլ ցաւերուն մօտենալ, որովհետեւ ներկայ իրենց վիճակը կը խռովէ մեր կեանքը: Մեծ վտանգի մը գիտակցութիւնը ունինք եւ կ՚ապրինք բոլորով: Տագնապալի մտավախութիւն:
Ահա թէ ինչո՞ւ գրիչս անկասկած կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ալ ունի, որովհետեւ այս վիճակը եթէ շարունակուի, հոն ալ խոյս պիտի տան մեր բոլոր հին եւ կամ նորոգուած երազները: Հո՛ն ներկան իր առջեւ անորոշ է:
Հալէպ իր այս աղմուկի մէջ սովորական կրնայ թուիլ աշխարհին: Բայց մեզի համար տարբեր է: Ճիշդ է, որ աշխարհի վրայ ամէն ինչ կարգին չէ: Անոր համար յոռետես դարձած ենք:
Ու կը կրկնեմ.- ներկայիս նախապայման է համախմբել միտքերն ու ծրագիրները, մեր նիւթաբարոյական ծրագրումները, առանց ժամանակի եւ ջիղերու վատնումի, որպէսզի հոն ապրողներուն հաւատք փոխանակենք, յոյս ներշնչենք, ե՛ւ դրական, ե՛ւ անյապաղ, ե՛ւ անսակարկ: Նպաստաւոր պայմաններու ստեղծում ծրագրենք: Միասնաբար եւ միատեղ ե՛ւ համախորհուրդ:
Տողերս մուրացկանութիւն չէ՛ որ կը շօշափեն, այլ՝ ազգային պարտականութեան գիտակցութեան աղերս-յիշեցում: Փորձենք հոն ապրող եւ շնչող մեր հայրենակիցներուն իրենց նախկին «գոյնը» վերադարձնել: Չենք կրնար ապասել, որ խաղաղութիւնը կամ արդարութիւնը վերականգնի: Չենք կրնար աւելի երկար սպասել յոյսին:
Ինչպէ՞ս, ո՞ւր եւ որո՞ւ պէտք է բարձրացնել բողոքի մեր դրօշակը: Երկիւղ կայ ու այդ մէկը մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն է: Փորձենք երբ ժամը հնչէ, գործնականօրէն մասնակից դառնալ:
Չենք գիտեր մինչեւ ե՞րբ եւ որքա՞ն ժամանակ կրնայ դիմանալ այս քաղաքը:
Հալէպ... պատմական հինաւուրց մայր գաղութ: Էջերու վրայ գրուած բառերը դարձեալ խառնուած են: Կարելի չէ պարզ մտքով քննել: Ո՛չ ոք գիտէ, որ վաղուան արեւին հետ ի՜նչ ուրուականներ կրնան յայտնուիլ:
Հալէպ... այս օրերուն կը խօսի ու պէտք է խօսի բոլորիս հետ: Եւ եթէ մօտէն կը հետեւինք իր ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, անոր տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը։
Այս բոլորը... եւ աւելին՝ եթէ լսող եւ գործադրող կայ: Սակայն անպայման բոլորիս համար բարձրահունչ եւ բարձրաձայն աղաղակ եւ կոչ մը ըլլալէ չի դադրիր:
Ահա հրաւէր մը՝ արդար եւ իրաւ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/27/2024