ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՆԵՐԿԱՆ
Կեանքը որ կ՚ապրինք, իրականութեան մէջ պայքար մըն է անցեալի յիշողութիւններուն, որոնք ի մի գալով մարդուն անցեալը կը կազմեն եւ մարդ կամայ թէ ակամայ ունի հակում յիշողութիւնները պահելու՝ անոնք ըլլան դրական կամ ժխտական եւ նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւրին անցեալը (իր դրականով ու ժխտականով) ամբողջութեամբ կը տարբերի ուրիշինէն, ապա այդ պայքարը եւս կ՚ըլլայ տարբեր՝ ոմանց համար տանելի, իսկ ուրիշներու համար անհանդուրժելի: Այդ պայքարը, իր ամէն տեսակներուն մէջ, մարդու ինքնութեան ամբողջացումն է, որովհետեւ անցեալն է, որ կը ստեղծէ մեր ներկան, մեծ ազդեցութիւն ունենալով անհատականութեան. այդ պայքարին մէջ լաւերուն չափ, ինչու չէ, նաեւ տեղ մըն աւելի, իրենց կարեւոր տեղն ու դերը ունին բացասականները, որոնք անհրաժեշտ են ներկայի հիմքը դնելու եւ ապագան կերտելու, իրենց մէջ ունենալով կարեւոր դասեր, ինչպէս նաեւ անլուծելի որոշ յոյզեր:
Վստահաբար շատ շատեր կ՚ուզեն իրենց յիշողութենէն հեռու պահել անցեալի բացասական փորձառութիւնները, սակայն, մեծաւ մասամբ կը ձախողին, որովհետեւ մարդու էութիւնը ունի յուզական յիշողութիւն մը, որ բացասականը աւելի կը յիշէ քան դրականը, որպէսզի անորոշ ապագային մէջ կարենանք պաշտպանուիլ հաւանական կրկնութենէ մը: Մարդ արարածը բացասականը աւելիով կը յիշէ, որովհետեւ շատ աւելի ժամանակ կը տրամադրէ այդ մէկը վերլուծելու համար՝ քան դրականը. վերջապէս մարդու վրայ ձախողութիւնը շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ քան յաջողութիւնը եւ երկուքով լեցուն անցեալի մը մէջ բացասականը իր տիրական ներկայութիւնը կրնայ զգալի դարձնել եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ լաւ անցեալի յիշողութեան մէջ եւս ցաւ մը գոյութիւն կ՚ունենայ: Բացասականի պարագային անոնց անլուծելի մնացածը պատճառ կ՚ըլլայ, որ կանխեն դրականները, որովհետեւ մեր ներկայի յոյզերն ու ապրումները իրականութեան մէջ հայելին են մեր անցեալի զգացումներուն ու ապրումներուն (մա՛նաւանդ բացասականներուն):
Այս բոլորին պատճառը այն է, որ բացասական երեւոյթներն են, որոնք մարդը կը վախցնեն եւ ո՛չ դրականները. իր բնական առօրեայի ընթացքին մարդ աւելիով կը մտածէ ինչպէ՛ս դիմագրաւել բացականն ու վատը՝ քան ուրախութիւնն ու լաւը. մենք չենք մտածեր ինչպէս ուրախանանք, սակայն խորապէս կը մտածենք ինչպէս չտխրինքի մասին եւ հետեւաբար անցեալի բացասական երեւոյթները որպէս դաս աւելիով մեր աչքին առջեւ կ՚ունենանք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ բացասական յիշողութիւնը, իր դասերով կրնայ մեզ փրկել հաւանական դժբախտութենէ մը: Ձեր աչքին առջեւ ունեցէք յաջողակ անձ մը. ան իր անցեալի յաջողութիւններէն աւելի պիտի խօսի ձախողութիւններուն մասին, որովհետեւ իր ներկայ յաջողութիւնը արդիւնքն է անցեալի ձախողութեան եւ, հետեւաբար, ինչքան ալ ցաւոտ ըլլայ անցեալը, զայն մոռնալն ու չմոռնալը լուրջ պայքար մըն է մարդուն համար:
Սակայն, կարեւորութեան կողքին մարդ՝ մանաւանդ եթէ շատ դժբախտ անցեալ մը ունեցած է, կ՚ուզէ մոռնալ բոլորը. օրինակի համար, մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին յայտնի հայ բանաստեղծ Վահան Տէրեան իր տրտում պահերէն մէկուն կը բացագանչէր. «մոռանա՜լ, մոռանա՜լ ամէն ինչ...»։ Տէրեան իր այս բանաստեղծութեան մէջ կ՚ուզէր մոռնալ գրեթէ ամէ՛ն ինչ. մոռնալ սէրը, մոռնալ տանջանքն ու ցաւը եւ կ՚ուզէր պահ մը հեռանալ զինք յուզող բոլոր յիշողութիւններէն եւ լաւագոյն ձեւը կը փորձէր գտնել մոռացութեան մէջ, որ կը կոչէր «ոսկէ շող»։ Վստահաբար, բոլորս ալ պիտի ուզենք տեղ մը Տէրեանի նման նոյնպէս մոռացութեան գիրկը տրուիլ. այդ փափաքը պահի յոյզերէն ծնունդ կ՚առնէ, սակայն, ինչքանո՞վ ճիշդ է մոռնալ։ Եթէ կը հաւատանք, որ մեր ներկան հիմնուած է ապագայի փորձառութիւններուն վրայ, ապա այդ բոլորը մոռացութեան տալ պիտի չինշանակէ՞ կորսնցնել նաեւ ներկան. կեանքը իր դրականով ու բացականով կը կառուցէ մեր ներկան եւ, հետեւաբար, այդ բոլորէն բացասականը դուրս բերելն ու լոկ դրականը պահելը մարդը իր հասունութեան մէջ նոյնիսկ հոգեպէս «մանուկ» պիտի դարձնէ, խլելով բոլոր այն դասերը, զորս կեանքը կու տայ մարդուն: Ամէն մարդ իր մերօրեայ բնաւորութիւնը, անհատականութիւնն ու նկարագիրը այսպէս կամ այնպէս կը պարտի անցեալին եւ այդ բոլորը մոռնալ, տարիներու փորձ մը մէկ հարուածով ոչնչացնել պիտի նշանակէր:
Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ. որովհետեւ անցեալը իր բացասականով ու դրականով անհրաժեշտ է, սակայն, անոնց մէջ բանտուած մնալն է վտանգաւորը. պէտք է հասկնալ անցեալը, սակայն չբանտուիլ անոր մէջ. հասկնալը կարեւոր է, որովհետեւ հասկնալով միայն անցեալի դասերը կարելի կը դառնայ կիրառել ներկայի վրայ. չհասկնալը պատճառ կ՚ըլլայ, որ յաճախ այդ ապրումները որպէս յիշողութիւն դարձեալ մարդուն ուշադրութիւնը գրաւեն եւ անոր մէջ ստեղծեն հարցական հոգեվիճակ մը՝ թակարդուած, որ ո՛չ ապագան հասկնալու մէջ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ եւ ո՛չ ալ ներկան լիովին ապրելուն մէջ. ինչքան անլուծելի մնայ անցեալը, նոյնքան անյաղթահարելի կ՚ըլլայ ապագան, ինչպէս նաեւ ներկան, որովհետեւ նման հոգեվիճակ մը կը ստեղծէ մտահոգութիւն, վախ, ափսոսանք եւ մինչեւ անգամ մարդը ինքզինք մեղադրելու կ՚առաջնորդէ եւ այս մթնոլորտին մէջ մարդ մտային բռնութեան կ՚ենթարկէ ինքզինք: Այս բոլորին մէջ մեծ տեղ ունի նաեւ կարօտը, որովհետեւ ներկայի դժուարութիւններուն դիմաց մարդ իր մխիթարութիւնը կը փորձէ գտնել ապագային մէջ եւ ինքնաբերաբար կը ստեղծէ «անցեալը շատ աւելի լաւ էր»ի համոզումը: Այդ իսկ պատճառով ճարտարութիւն է հաւասարակշռութիւնը պահել:
Ինչպէ՞ս պահել հաւասարակշռութիւն. ինչպէ՞ս լիովին ապրիլ ներկան. պատասխանենք. առաջին հերթին անցեալը անփոփոխ է. ներկայիս ինչքան ալ մտապէս չարչարենք մենք մեզ, որոշ վերլուծութիւններ ընենք ու հաւանական մեղաւոր մը գտնենք փորձել, անցեալը պիտի մնայ անփոփոխ. հետեւաբար, նման ընթացք մը պարզապէս մտային եւ հոգեկան յոգնածութիւն պիտի տայ մարդուն. ինչո՞ւ համար պայքարիլ ու ողբալ բանի մը համար, որ արդէն անշարժ է եւ եղած է անցեալ. դար մը ամբողջ եթէ մտածենք, անցեալը պիտի մնայ անփոփոխ, սակայն ներկայի մասին մտածելը կրնայ մարդը փոփոխութեան տանիլ։ Իսկ ապագային մասին մտածելը ա՛լ աւելիով մարդը պիտի տանի դէպի յաջողութիւն։ Անփոփոխը փոխել փորձելով մենք փոփոխականը կը թերանանք փոխելու եւ ինչքան ուշանանք, ներկայի փոփոխականը եւս կը դառնայ անփոփոխ։ Այժմ այս յօդուածը գրեցի եւ գրելս անգամ դարձաւ անցեալ. եթէ դուն որպէս ընթերցող ընթերցեցիր՝ ապա կարդալդ ալ դարձաւ անցեալ. իւրաքանչիւր նոր ստորակէտ, հինը մոռցնել տուաւ եւ հինը նորին հետ խառնուելով իմաստ կազմեց: Հետեւաբար, մարդ ի՛նք թող որոշէ, թէ ինչքանո՞վ կ՚արժէ ուժ վատնել անփոփոխը փոխելու համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Անցեալը ինչքանո՞վ կարեւոր է մարդու ապագային համար:
Պատասխան. Անցեալը կարեւոր դեր կը խաղայ մարդու ապագայի ձեւաւորման մէջ եւ հիմք կը հանդիսանայ, որուն վրայ կը կառուցուի ապագան: Անցեալի դրական ու բացասական փորձերը կ՚ազդեն մարդու մտածելակերպին, ինչպէս նաեւ ունեցած արժէքներուն վրայ: Անցեալի փորձը մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ աւելի տեղեկացուած եւ ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու: Սակայն, պէտք է գիտնալ, որ անցեալը միշտ չ՚որոշեր ապագան. անձնական զարգացումն ու աճը, յարմարուողականութիւնը եւ փոփոխութիւնները ընդունելու ունակութիւնը կարեւոր դեր ունին ապագան ձեւաւորելուն մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025