ՖԻՏԱՆ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Ֆիտան եւ Պայրամով կանգ առին նաեւ Անգարա-Պաքու համագործակցութեան օրակարգին վրայ եւ առաջնահերթօրէն քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր։
Հեռախօսազրոյցին առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Պաքու աջակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան՝ յոյս յայտնելով, թէ խնդիրները կը լուծուին երկրի ժողովուրդի շահերու եւ կամքի հիման վրայ։
Նախարարներէն օր մը առաջ ալ Սուրիոյ իրադրութիւնը արժեւորելու նպատակով հեռախօսազրոյց մը ունեցած էին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ։