ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԵՒ ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Օրերս կեանքէն հեռացաւ լոնտոնաբնակ հայ մտաւորական, գրող, խմբագիր, հայագէտ Ասատուր Կիւզէլեան:
Անոր անունը եւ գործերը յայտնի էին ինչպէս սփիւռքի, այնպէս ալ՝ Հայաստանի մէջ: Կիւզէլեան ի նպաստ Հայաստանի մշակոյթի զարգացման՝ բազմաթիւ ձեռնարկներու հեղինակ է, յաճախ կ՚այցելէր Հայաստան, Արցախ…
Ասատուր Կարապետի Կիւզէլեան ծնած է 1932 թուականին՝ Թուրքիա, Իսքէնտէրուն: Իր նախնական կրթութիւնը ան կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։ 1948 թուականին կ՚ընդունուի Անթիլիասի դպրեվանքը, որուն դասընթացքը աւարտելէ ետք 1955 թուականին Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Ինչպէս ինք նշած է, իր գրական տաղանդի ձեւաւորման ու զարգացման մէջ ամենէն մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է իր հայերէնի, գրաբարի եւ հայ մատենագրութեան ուսուցիչը՝ անուանի գրող, բանասէր, պատմաբան, հայագէտ, դասագիրքերու հեղինակ՝ Սիմոն Սիմոնեան։
1957 թուականին Ասատուր Կիւզէլեան կը մեկնի Հնդկաստան, ուր Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ հայագիտական նիւթեր:
1964 թուականին ընտանեօք կը փոխադրուի Լոնտոն, ուր կը վարէ խմբագրութիւնը «Արեգակ» ամսաթերթի, որ լոյս կը տեսնէ միայն երկու տարի:
1974 թուականին իր նախաձեռնութեամբ լոյս կը տեսնէ «Լոնտոն» ամսագիրը, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1976 թուականը:
Մտաւորականը բազմաթիւ գիրքերու, յօդուածներու, հրապարակումներու ու հարցազրոյցներու հեղինակ է: Ան իր կեանքի ընթացքին մշտապէս նպաստած է հայրենագիտութեան, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցիի պատմութեան, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան տարածման ու պահպանման:
Առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին, հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին, հայ գրականութեան եւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1982 թուականին Ասատուր Կիւզէլեանը պարգեւատրած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։
Աւելի վերջ՝ 2012 թուականին, Ասատուր Կիւզէլեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետայլով՝ հայ գրականութեան, մշակոյթին, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին մատուցած 60-ամեայ ծառայութեան համար:
Նոյն թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով` Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով, գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան զարգացման գործին ներդրած աւանդի համար:
Մտաւորականը բարեկամական եւ նամակագրական կապեր ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանի անուանի հայ գրողներու, երաժիշտներու, գիտնականներու, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու հետ, որոնց մէկ մասին հետ իր նամակները տեղ գտած են գիրքերուն հետ:
Յատկանշական է Ասատուր Կիւզէլեանի բարեկամութիւնը անուանի հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի հետ: Ինչպէս կը կարդանք «Խօսում են նամակները» արեւելահայերէնով լոյս տեսած յուշ-նամականիի մէջ, Արամ Խաչատուրեան մեծապէս տպաւորուած է Կիւզէլեանի՝ 1977 թուականին գրած եւ իրեն ձօնած բանաստեղծութենէն («Ամենայն Հայոց երաժիշտ» խորագրով) եւ Մոսկուա վերադառնալով՝ սկսած է երաժշտութիւն յօրինել ատոր հիման վրայ։ Բայց, յաջորդ տարի Խաչատուրեան մահացած է եւ այդ աշխատանքը այլ գործերու հետ անաւարտ մնացած է: Ասատուր Կիւզէլանի նամականի-հատորէն կը տեղեկանանք, որ Արամ Խաչատուրեան Կիւզէլեանի հետ նամակագրութիւն ունեցած է հայերէնով. բան մը, որ յատկանշական է, քանի որ Խաչատուրեան ո՛չ Թիֆլիզ, ո՛չ ալ Մոսկուա ուսանելու տարիներուն հայկական կրթութիւն ստացած է, իսկ հայերէն գրել եւ կարդալը սորված է ինքնուրոյն: Եւ ահաւասիկ, կեանքի վերջին տարիներուն իր այդ նամակագրութիւնը մեծ երաժշտահանը կատարած է մայրենի լեզուով: Կիւզէլեան միաժամանակ ուղեկցած է Արամ Խաչատուրեանին՝ վերջինիս լոնտոնեան համերգներու ժամանակ:
Կը ներկայացնենք Արամ Խաչատուրեանի եւ Ասատուր Կիւզէլեանի նամականիէն մաս մը (արեւմտահայերէնի վերածուած)՝ կցելով լուսանկարներ, ուր կ՚երեւի նաեւ անոնց բարեկամութիւնը:
***
(22 փետրուար, 1977թ.)
Սիրելի եւ անմոռանալի Ասատուր, արդէն 12 օր է՝ հեռացած եմ Լոնտոնէն։ Ամէն բաներն ու մանրամասութիւնները քիչ-քիչ կը մոռնամ, բայց քեզ չեմ կրնար մոռնալ։ Կը յիշեմ մեր շփումը, խօսակցութիւնը եւ շատ ու շատ լաւ միտքեր։ Ինչպէ՞ս են Վիւիէնը եւ երեխաները։ Թող միշտ առողջ ու երջանիկ ըլլայ քու գեղեցիկ եւ ազնիւ ընտանիքդ։ Կը խնդրեմ քեզմէ, որ ինձմէ բարեւներ եւ շնորհակալութիւններ յայտնես բոլոր հայութեանը, մանաւանդ՝ Սրբազանին, որ շատ մաքուր ու ազնիւ է, պրն. Հայկին, որ շատ ուժեղ է եւ խելօք, ան կարող է կառավարութեան նախագահ ըլլալ, ուժեղ եւ գեղեցիկ անձնաւորութիւն է։ Հայկի երեխաներուն՝ Ռիչըրտին եւ Նաթալիին։ Կը խնդրեմ՝ բարեւես շատ բարի, ազնիւ, մեծ սիրտ ունեցող պապիկին՝ Թոմաս Թոմասեանին։ Շատ կ՚ուզէի ինք եւ ուրիշ իմ բարեկամներս ընդունիլ տունս իբրեւ հիւր, մանաւանդ՝ տաղանդաւոր Լորիսը, որ ոչ միայն առաջնակարգ երաժիշտ է, այլեւ ԳՈՐԾԻՉ է (այդ բառը կը գրեմ մեծատառերով)։ Ըսէ անոր, որ միշտ ըլլայ անկուշտ, մանաւանդ՝ երաժշտութնէն, իսկական վարպետութենէն։ Այսինքն չդադրի, կանգ չառնէ, միշտ առաջ եւ առաջ՝ առանց ընդմիջման։ Քեզ սիրեցի քու պարզ բնաւորութեանդ համար, սիրեցի, որ դիւանագէտ չես, խելօք ես, շատ խելօք, խորամանկութիւն չունիս եւ փառք Աստուծոյ, որ չունիս։ Մէկ խելօք ես, մէկ՝ թեթեւսոլիկ, մէկ ողբերգական եւ այլն։ Մէկ խօսքով, անձնաւորութիւնդ լայն տարածում ունի։ Արթոյին բարեւէ, սանիկիս նոյնպէս, անոր նկարը տակաւին չեմ քաշած։ Մէկ խօսքով՝ չեմ մոռնար, բայց նորէն գործի մէջ եմ։ Շնորհակալութիւն հեռագրիդ համար, համերգս շատ յաջող էր, ժողովուրդը՝ լեցուն, քանի մը հայեր կային, անոնց մէջ՝ մարշալ Բաղրամեանը։ Նորէն բարեւ, բարի մաղթանք։ Կարէնը, Լիւտան եւ Նատաշան կը բարեւեն քեզի եւ քու ընտանիքիդ։ Ինձմէ համբոյր քեզի, Վիւիենին եւ քու անուշիկ երեխաներուն։
Խաչատուրեան Արամ
***
(14 ապրիլ, 1977թ., Մոսկուա)
Սիրելի Ասատուր, այս իմ երկրորդ նամակս է, որ կը գրեմ քեզի։ Չեմ գիտեր, դուն ստացա՞ծ ես իմ առաջին նամակս, որ կը սկսի «Սիրելի եւ անմոռանալի Ասատուր» բառերով, եւ իմ ձեռքով գրած էի: Այն նամակին մէջ եւ այժմ ալ կ՚ուզեմ յայտնել, որ յաճախ կը յիշեմ քեզ եւ կը կարօտնամ։ Ասկէ 2-3 օր առաջ իմ մօտս եկաւ երիտասարդ մը՝ Վրէժ անունով։ Դժբախտաբար ան զիս գտաւ անկողնի մէջ, սիրտի ցաւի սրացումներ ունէի։ Այդ պատճառով մեր խօսակցութիւնը շատ կարճ տեւեց։ Յամենայնդէպս, ես ամենայն մանրամասնութեամբ հարցուփորձ ըրի Լոնտոնի իմ ծանօթներուս մասին, ինչ խօսք, որ առաջինը ես փափաքեցայ գիտնալ քու եւ ընտանիքիդ մասին, Վիւիէնի եւ երեխաներու մասին։ Ինծի մեծ հաճոյք պատճառեց, որ Վրէժը բերած էր Լորիսի ստեղծագործութիւններէն եւ անոր ձայնագրած պնակները «Գայիանէ»էն։ Հիւանդութեան պատճառով ես տակաւին հնարաւորութիւն չեմ ունեցած լսելու ձայնապնակները։ Ես զիս կը կերակրեմ յոյսերով, որ լաւ կ՚ըլլամ: Կը խնդրեմ յղել անկեղծ բարեւներ ինձմէ Լորիսին՝ ուշադրութեան համար։ Շատ ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ Լորիսը ինծի հաղորդէ իր նոր ստեղծագործութիւններուն մասին։
Սիրելի Ասատուր, կ՚ուզեմ քեզի յայտնել, որ սոյն թուականի մայիսի 22-ին ես կը մեկնիմ Պելճիքա, մայիսի 23-25-ը կ՚ըլլամ Անտվերպեն՝ համերգներով։ Շատ ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ գաս եւ տեսնուինք։ Ջերմ բարեւներ Հայկին: Անոր պատուէրը չեմ մոռցած, երբ հանդիպիմ Վեհափառին, Հայկի խնդրանքը կը կատարեմ։ Բարեւեցէք նաեւ Պապիկին՝ ջերմօրէն, ինչպէս նաեւ սիրելի Արթոյին եւ բոլորին, ովքեր կը յիշեն զիս:
Ես փոքրիկ խնդիր մը ունիմ։ Կարո՞ղ ես արդեօք գիտնալ եւ հաղորդել ինծի, թէ իմ համերգներուս կազմակերպիչը՝ պրն. Լայտոն Ստանլի, ո՞ր ամսուն եւ ո՞ր օրը կ՚ըլլայ Մոսկուա կամ գուցէ ինք անձամբ ինծի հաղորդէ այդ մասին։ Ես առանձնապէս գործ չունիմ անոր հետ, միայն կ՚ուզեմ տեսնուիլ: Անոր, իմ բարեւներուս հետ միասին, հաղորդեցէք խնդրեմ նաեւ այդ մասին։ Ջերմ համբոյրներ եւ բարեմաղթանքներս քեզի, կնոջդ եւ երեխաներուդ։
Խաչատուրեան Արամ
***
Այս նամակը իմ թելադրանքովս կը գրէ տիկին Սիրանոյշ Տիրատուրեանը, որ ռուսերէնի թարգմանեց Ձեր «Ձօնը»՝ նուիրուած ինծի։ Ես անձամբ չկարողացայ գրել, որովհետեւ հիւանդութեանս պատճառով պառկած եմ անկողնին մէջ։ Ջերմ համբոյրներ եւ բարեմաղթանքներ քեզի, կնոջդ եւ երեխաներուդ։
Սիրով՝
Խաչատրեան Արամ
(14 ապրիլ, 1977թ., Մոսկուա)
Սիրելի եւ անմոռանալի Ասատուր, այս երրորդ նամակն է, որ կը գրեմ քեզի։ Պառկած եմ անկողնին մէջ, հիւանդ եմ, սիրտս կը ցաւի։ Լոնտոնը կը յիշեմ մեծ հաճոյքով։ Բարեւ, համբոյր քեզի, Վիւիենին, երեխաներուն, պ. Հայկին, Ռիչըրտին, Պապիկին եւ բոլորին, ով կը յիշէ զիս։ Անշուշտ Սրբազանին։ Քեզ շատ սիրեցի եւ յարգեցի։ Պատրաստ եմ քեզի ծառայել։
Արամ Խաչատուրեան
***
(23 մարտ, 1977թ., Մոսկուա)
Շատ սիրելի վարպետ
Արամ Խաչատուրեան,
Մեծ հաճոյքով կարդացի Ձեր 22.02.1977թ. նամակը։ Խորապէս զգացուած եմ իմ ընտանիքիս եւ իմ հանդէպ ձեր յայտնած միտքերու եւ ազնիւ զգացմունքներու համար։ Նամակի լուսանկարչական պատճէնները յանձնեցի Սրբազանին, Հայկ Գալուստեանին, Արթոյին, Լորիսին եւ Պապիկին, որ Լոնտոն եկած էր Լորիսի համերգին ներկայ գտնուելու համար։ Համերգը տեղի ունեցաւ Ֆիսթիւալ Հոլի Քույին Էլիզապէթ համերգասրահին մէջ, որ նախատեսուած է շուրջ 1200 հոգիի համար։ Համերգը նուիրուած էր Շնորհալիի շարականներուն, Կոմիտասեան Պատարագին եւ Լորիսի կարգ մը ստեղծագործութիւններուն։ Կատարողներն էին Ամպրոզեան երգչախումբի երգիչները։ Լաւ անցաւ։ Քանի խօսքը կը վերաբերի Լորիսին՝ ի գիտութիւն ըսեմ, որ անոր ղեկավարութեամբ «Գայիանէ»ի ձայնապնակը հրապարակուեցաւ արդէն եւ գտաւ լաւ ընդունելութիւն։ «Record & recording» երաժշտական ամսաթերթը «Գայիան»էն ընտրեց որպէս այս ամսուան լաւագոյն ձայնապնակը։ Ներփակ կը ղրկեմ այդ մասին հրատարակուած յօդուածը։ Երէկ, երբ Լորիսին հետ կը խօսէի, ըսաւ, որ տքթ. Վ. Ներսէսեանի միջոցով Ձեզի ղրկած է նամակ եւ «Գայիանէ»ն։ Տքթ. Ներսէսեանը ներկայիս կը գտնուի Երեւան, Լոնտոն վերադարձի ճանապարհին ատոնք կը յանձնէ ձեզի։
Սիրելի վարպետ, ստացայ նաեւ ձեր մասին հրատարակուած ռուսերէն գիրքը։ Արդէն կապուած ենք կարգ մը հրատարակչութիւններու հետ՝ գիրքի թարգմանութեան եւ անգլերէնով հրատարակութեան կապակցութեամբ։ Գիշեր է եւ կը գրեմ ձեր լոնտոնեան այցելութեան մասին բաժին մը, որ կը դրուի գիրքին վերջը: Ձեր Լոնտոն այցելութեան մասին գրեցի յօդուած մը, որ լոյս տեսած է արդէն բազմաթիւ հայերէն թերթերու մէջ։ Ասիկա մեր ունեցած տեսակցութիւնը չէ, այլ ընդհանուր գրութիւն մըն է՝ նուիրուած Ձեր երկու համերգներուն, EMI-ի ձայնագրութեան եւ լոնտոնեան ձեր հանդիպումներուն։ Մեր տեսակցութիւնը, որ արձանագրուած է իմ մեքենայիս վրայ, լոյս կը տեսնէ առանձին։ Կը ղրկեմ այդ յօդուածի պատճէնը։
Սիրելի վարպետ, չէք կրնար երեւակայել, թէ ինչքան կարօտցած եմ ձեզ։ Ամէն անգամ որ կ՚անցնիմ Տորչեսթր պանդոկի մօտով՝ կը յիշեմ Ձեզ, Ձեր սենեակը, մեր զրոյցները, նոյնիսկ ձեր հացադուլը… ուտե՞լ թէ չուտել… (Շէյքսփիրը պիտի ըսէր՝ «լինե՞լ, թէ չլինել»)։ Օր չ՚անցնիր որ մեր տանը, Հայկի կամ Արթոյի մօտ՝ մենք կարօտով չխօսինք ձեր մասին։ Դուք եկաք Լոնտոն, մեզ գերեցիք ե՛ւ ձեր անձով, ե՛ւ ձեր երաժշտութեամբ ու… գացիք։ Հիմա որ գացած էք՝ մեր սիրտերուն ձեր կարօտը աւելցած է հարիւր անգամ։
Ինչ կը վերաբերի զիս՝ ձեր երալէն յետոյ հաստատեցի առեւտրական ընկերութիւն մը, որուն նպատակն է համոզել Միջին Արեւելքի արաբները, որպէսզի անգլիական արտադրանք գնեն, որուն դիմաց ես կը ստանամ շահաբաժին։ Մինչեւ հիմա տակաւին գործ չեմ կատարած, բայց յոյս ունիմ, որ «կամաց-կամաց բուրդը կ՚ըլլայ մանած…» Անշուշտ, եթէ իմ առեւտրական դաշտին վրայ «տանձի մեծութեամբ կարկուտ չտեղայ»։ Գիշեր-ցերեկ կ՚աշխատիմ այդ ուղղութեամբ։ Մինչեւ հիմա երկու նամակ գրած եմ անգլիական ձայնասփիւռին, որ դրամը վճարեն։ Երէկ հեռախօսով սաստիկ բարկացայ անոնց վրայ։ Յոյս ունիմ՝ բարկութիւնս արդիւնք տայ։ Ինչ կը վերաբերի բժշկական գօտիին՝ Վիւիէնը հատ մը ապսպրած է Ամերիկայէն։ Տքթ. Ներսէսեանի միջոցով ուղարկած է նաեւ Լոնտոնի պատրաստուած գօտիի նկարը։ Եթէ այդ հաւնիք, հատ մըն ալ կ՚ուղարկենք ատկէ։ Ձեզի, Կարէնին, Լիւտային եւ Նատաշային ջերմ կ՚ողջունեն Վիւիէնը, Կարինէն, Արմինէն եւ ես։ Ողջոյններ կը ղրկեն Հայկը, Ռիչըրտը, Արթոն, Սրբազանն ու Լորիսը, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի ձեր ծանօթները։ Անցեալ օր տեսայ Էտիկը, որ փորձերու ժամանակ ձեզ նկարեց, կ՚ըսէ, որ նկարը շատ լաւ ստացուած է:
Սիրելի Վարպետ, Ձեզի առաջին հերթին կը ցանկամ առողջութիւն, արեւշատութիւն, որպէսզի նորանոր ստեղծագործութիւններով հարստացնէք հայ եւ համաշխարհային երաժշտութեան գանձատունը։
Համբոյրներով՝
Ասատուր Կիւզէլեան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 12/27/2024