ՓՈՒԹԻՆ-ՕՐՊԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Հարկ է նշել, որ Վիքթոր Օրպան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի հետ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Օրպանի նախաձեռնութեամբ։ «Ասոնք ամենավտանգաւոր շաբաթներն են Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին տեսակէտէ, մենք կը ձեռնարկենք դիւանագիտական հնարաւոր բոլոր քայլերուն՝ յանուն հրադադարի եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն», գրառումով մը հանդէս եկաւ Օրպան ընկերային ցանցերու վրայ։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Փութին եւ Օրպան հանգամանալից կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են Ուքրայնայի խնդրին շուրջ։ Օրպան շահագրգռութիւն յայտնած է՝ նպաստելու տագնապի քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհի լուծման համար համատեղ ջանքերով ուղիներ փնտռելու գործին։ Իր կարգին, Փութին հիմնարար գնահատականներ տուած է Ուքրայնայի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, նաեւ Քիեւի վարչախումբի որդեգրած կործանարար ուղեգիծին վերաբերեալ։ Արդարեւ, այս գործօնը կը շարուանակէ բացառել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հնարաւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Փութին-Օրպան հեռախօսազրոյցին դէմ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024