Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Eski İstanbul Sesleri» խումբի ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին մօտալուտ համերգի մը հրաւէրը ուղղելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ քաղեց այս խումբի աշխատանքներուն կապակցութեամբ՝ մինչ կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի ունեցան մշակութային կեանքի վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։ Հիւրերը ամփոփ անդրադարձան իրենց խումբի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ուրախութիւն յայտնեց զանոնք Գումգաբուի մէջ հիւրընկալած ըլլալու համար եւ իր ստացած տեղեկութիւններու լոյսին տակ գնահատեց անոնց աշխատանքը, յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2024