ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՆԵՐՈՒԺԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առանցքային նիւթ մը կը նկատէ՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) փոխադրութեան ու լոժիսթիք ներուժի զարգացումը։ Արդարեւ, կազմակերպութեան անդամ երկիրներու հնարաւորութիւնները ամբողջութեամբ չեն օգտագործուիր։
Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը։ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետները մասնակցեցան այս հաւաքին, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ ընդգծեց կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» լայնածաւալ ենթակառուցուածքային նախագծի։ Սա կ՚ենթադրէ շարք մը փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ստեղծումը կամ արդիականացումը։ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնած այս նախագիծը, ի վերջոյ, բարենպաստ պայմաններ կ՚ապահովէ շահագրգիռ բոլոր պետութիւններուն միջեւ փոխադրութեան եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան, ինչպէս նաեւ իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Բաց աստի, վարչապետը Մոսկուայի ժողովին ընթացքին մատնանշեց, որ ԵԱՏՄ ի սկզբանէ ստեղծուած է ու կը շարունակէ զարգանալ ընդհանուր տարածքներու՝ ներառեալ ուժանիւթակիրներու միասնական շուկայ մը ստեղծելու տրամաբանութեամբ։ Յամենայնդէպս, գործիքակազմին մէջ այս սկզբունքի իրականացումը կը բախուի զանազան դժուարութիւններու, որոնց հետեւանքով յայտարարուած նախաձեռնութիւններու մէկ մասը լիարժէքօրէն չեն գործեր։ «Հաշուի առներով այս ոլորտի բարդ կառուցուածքը՝ ուժանիւթակիրներու միասնական շուկայի ձեւաւորման արդիւնաւէտութիւնն ու պատշաճ ժամանակին իրագործումը կախուած է կողմերու՝ փոխադարձ զիջումներով լուծումներ գտնելու պատրաստակամութենէն։ Վստահ եմ՝ համակարգուած մօտեցումը, շահերու համաձայնեցումը եւ փոխադարձ զիջումներու երթալու պատրաստակամութիւնը կը նպաստեն ամրապնդել ուժանիւթի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚արագացնեն ուժանիւթակիրներու միասնական շուկայի ստեղծման գործընթացը», յայտարարեց Փաշինեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան նիստի ընթացքին քննարկուեցան օրակարգային զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերէին արդիւնաբերական ոլորտէ ներս համագործակցութեան, ԵԱՏՄ-ի շուկայէն ներս ելեկտրոնային առեւտուրի զարգացման, ուժանիւթի միջոցներու ոլորտէն ներս ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման, ԵԱՏՄ-ի 2025 թուականի պիւտճէի նախագծին եւ այլն։ Նիստի ընթացքին առնուած որոշումներու արձանագրութիւններն ալ ստորագրուեցան։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԿԱԼՈՒԶԻՆ
«Մենք հանդէս կու գանք Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի շուտափոյթ սահմանազատման ու սահմանագծման, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ նոր հիմքերու վրայ կապերու համակողմանի զարգացման ի նպաստ», յայտարարեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կ՚ընէ ու պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչուին։ Ռուս դիւանագէտի խօսքով՝ Մոսկուա կը մնայ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հաստատման, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման եւ Հարաւային Կովկասէ ներս բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման կողմնակիցը։ Ան ընդգծեց նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ, 2020-2023 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու կարեւորութիւնը։