ԱՆԳԻՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

«Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւն» (agnosticisme), ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ան­գի­տա­նալ, չգիտ­նալ եւ այդ վի­ճա­կին մէջ ըլ­լալ, որ հո­սանք մը, մտա­ծե­լա­կերպ մըն է։ Իսկ իր յա­տուկ ի­մաս­տով, կրօ­նա­կան մար­զի մէջ՝ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւ­նը կամ չգո­յու­թիւ­նը գիտ­նա­լու ան­կա­րե­լիու­թեան վրայ հաս­տա­տուած մտա­ծե­լա­կերպ մըն է։ Ըստ ան­գի­տա­պաշտ­նե­րու՝ Աս­տուած գո­յու­թիւն ու­նի կամ չու­նի, ա­սի­կա գիտ­նալ, այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նալ կա­րե­լի չէ…։

Այս մտա­ծե­լա­կեր­պին հե­տե­ւող­ներ կ՚ը­սեն, թէ ընդ­հան­րա­պէս բնա­զան­ցա­կան (métaphysique) ե­րե­ւոյթ­նե­րու գաղտ­նի­քին տի­րա­նալ կա­րե­լի չէ մարդ­կա­յին մտքին հա­մար։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը զա­նա­զան կեր­պա­րանք­նե­րու մէջ կը յայտ­նուի մտա­ւոր աշ­խար­հի ի­րա­կա­նու­թեան։

Կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու մէջ, ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը կը մեր­ժէ ժխտե՛լ Աս­տուած. մա­նա­ւա՛նդ ան կ՚են­թադ­րէ գո­յու­թիւ­նը «գե­րա­կայ էակ»ի մը՝ որ չի կրնար ինք­զինք յայտ­նել եւ ո­րուն մա­սին ո՛չ ոք կա­րող է ո­րե­ւէ բան ը­սել։ Գե­րա­կայ էա­կին մա­սին ո­չինչ կա­րե­լի է ը­սել։ Ան­գի­տա­պաշ­տու­թեան այս կեր­պէն զատ կայ նաեւ ու­րիշ մտա­ծե­լա­կեր­պեր ալ։

Ու­րիշ պա­րա­գա­նե­րու մէջ, «ան­գի­տա­պաշտ»ը լռու­թիւ­նը կը պա­հէ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին՝ յայ­տա­րա­րե­լով, թէ ան­կա­րե­լի՛ է փաս­տել զայն եւ նոյ­նիսկ հաս­տա­տել զայն եւ կամ ժխտել ու մեր­ժել ա­նոր գո­յու­թիւ­նը։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը եր­բեմն կրնայ բո­վան­դա­կել ո­րոշ ո­րո­նում մը Աս­տու­ծոյ, եւ սա­կայն կրնայ հա­ւա­սա­րա­պէս նար­կա­յաց­նել «ան­տար­բեր կե­ցուածք» մը՝ փա­խուստ մը գո­յու­թեան վեր­ջին հար­ցա­կա­նէն եւ հեղ­գու­թիւն մը բա­րո­յա­կան խղճմտան­քին նկատ­մամք։

Ան­գի­տա­պաշ­տու­թիւ­նը դժբախ­տա­բար շատ յա­ճախ հա­մա­զօր է գործ­նա­կան ա­նաս­տուա­ծու­թեան։

Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, մեր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րէն շա­տեր բնաւ չեն ըմբռ­ներ, նոյ­նիսկ բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը մեր­ժեն այն սերտ ու կեն­սա­կան զօ­դը՝ որ մարդս Աս­տու­ծոյ՝ իր Ա­րար­չին կը միաց­նէ, որ­պէս որ­դին իր հօ­րը. այն աս­տի­ճան որ «ա­նաս­տուա­ծու­թիւն»ը այս ժա­մա­նա­կին ա­մե­նա­ծանր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։

«Ա­նաս­տուա­ծու­թիւն» եզ­րը իր մէջ կը ներ­փա­կէ բազ­մա­տե­սակ ե­րե­ւոյթ­ներ եւ վի­ճակ­ներ։ Ուս­տի ա­նաս­տուա­ծու­թեան յա­ճա­խա­դէպ մէկ ձեւն է՝ «գործ­նա­կան նիւ­թա­պաշ­տու­թիւն»ը՝ որ իր կա­րիք­ներն ու փա­ռա­տեն­չու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կին եւ մի­ջո­ցին նեղ սահ­ման­նե­րուն մէջ կը փա­կէ։ Ա­նաս­տուած մարդ­կայ­նու­թիւ­նը թիւ­րօ­րէն կը հա­մա­րի, թէ մարդ էա­կը ինքն իր վախ­ճանն է, միա՛կ կա­ռու­ցո­ղը եւ ստեղ­ծո՛ղն է իր ամ­բողջ պատ­մու­թեան…։

Ժա­մա­նա­կա­կից ա­նաս­տուա­ծու­թեան տար­բեր մէկ ձե­ւը մար­դուն ա­զա­տագ­րու­մը կ՚ակն­կա­լէ տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մէն, ո­րուն իբր թէ կրօ­նը իր բնու­թեամբ իսկ կը հա­կադ­րուի, քա­նի որ մար­դուն յոյ­սը «հան­դեր­ձեալ կեանք»ի մը կրկնե­րե­ւոյ­թին վրայ կա­ռու­ցա­նե­լով՝ զայն կը շե­ղեց­նէ «երկ­րա­ւոր ոս­տան» կեր­տե­լէ։

Ար­դա­րեւ «ա­նաս­տուա­ծու­թիւն»ը կրօ­նի եւ ու­ղիղ հա­ւատ­քի ա­ռա­քի­նու­թեան դէմ գոր­ծող մե՛ղք մըն է։

Ա­նաս­տուա­ծու­թիւ­նը մեղք մըն է, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թիւ­նը կը մեր­ժէ, կ՚ու­րա­նայ եւ կամ կը ժխտէ։

Ճշմար­տու­թեան դէմ ա­մէն ա­րարք մե՛ղք է…։

Այս մեղ­քին յան­ցան­քը կրնայ լա՜յն չա­փով թե­թեւ­նալ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ պա­րա­գա­նե­րուն հա­մե­մատ։

Ա­նաս­տուա­ծու­թեան ծա­գու­մին եւ տա­րա­ծու­մին մէջ, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, կրնան ի­րենց ո՛չ անն­շան բա­ժի­նը ու­նե­նալ։ Այս կրնայ ըլ­լալ գի­տակ­ցա­բար եւ կամ ան­գի­տակ­ցա­բար եւ անզ­գա­լա­բար տա­րուե­լով հո­սան­քի մը, բա­րո­յա­կան պար­տադ­րան­քի մը տպա­ւո­րու­թե­նէն։

Ա­նաս­տուա­ծը (athée) կամ ա­նաս­տուա­ծա­կա­նը կրնայ վտանգ սպառ­նալ ըն­կե­րա­յին խա­ղա­ղու­թեան, ներ­դաշ­նա­կու­թեան։ Ա­նաս­տուա­ծու­թիւ­նը (athéisme) ան­հա­տա­կան կեան­քի մէջ ալ հո­գե­կան ան­կում­նե­րու պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ, քա­նի որ ան ա­նո­րո­շու­թիւն եւ պա­րա­պու­թիւն կը ստեղ­ծէ մարդ­կա­յին հո­գիին եւ մտքին մէջ։ Եւ մար­դուս հա­մար ո՜ր­քան վատ զգա­ցում մըն է ինք­զինք պա­րա­պու­թեան, ու­նայ­նու­թեան մէջ զգալ։

Մա­նա­ւանդ տա­կա­ւին չհա­սուն­ցած միտ­քե­րու հա­մար ո՛ր­քան վտան­գա­ւոր է «ա­նաս­տուա­ծու­թեան» գա­ղա­փա­րը։ Մեր կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ ա­ճու­մի ըն­թաց­քին մեծ վտանգ մըն է ա­նաս­տուա­ծու­թեան գա­ղա­փա­րին հետ դի­մա­ւո­րուիլ։ Եւ կը յի­շեմ, տա­կա­ւին ու­սա­նող, երբ օր մը ու­զե­ցի հօրս գրա­դա­րա­նէն առ­նել եւ կար­դալ «L'athéisme» ա­նուն գիր­քը, թէ ինչ­պէս ար­գելք ե­ղաւ հայրս, ը­սե­լով թէ հի­մա ժա­մա­նա­կը չէ կար­դա­լու այդ գիր­քը, եւ երբ տա­րի­ներ վերջ կար­դա­ցի, հասկ­ցայ, թէ ին­չո՛ւ ժա­մա­նա­կը չէր այն ա­տե­նը՝ կար­դա­լու եւ սխալ հասկ­նա­լու այդ գա­ղա­փա­րը։

Մարդ երբ ու­ղիղ եւ ա­ռողջ դա­տո­ղու­թեան վի­ճա­կին հաս­նի, ա­զատ է կար­դա­լու, ծա­նօ­թա­նա­լու, բաղ­դա­տե­լու ա­մէն մտա­ծո­ղու­թիւն, ա­մէն գա­ղա­փար, բայց ի­րա­պէ՛ս ա­մէն բա­նի ժա­մա­նա­կը լա՛ւ ո­րո­շե­լու է…։

Հոս ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կ՚ու­զեմ յի­շել հօրս ար­դար մի­ջամ­տու­թիւ­նը, ինչ որ ո՛չ թէ ա­զա­տու­թեան մի­ջամ­տու­թիւն մը, այլ ու­ղե­ցոյց մը, զգու­շա­ւո­րու­թեան հրա­ւէր մըն էր՝ կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին մէջ մտքի մը…։

Չէ՞ որ Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան այս աշ­խար­հի վրայ՝ ո­րոնք ան­խու­սա­փե­լի են, բայց վա՜յ ա­նոր, ո­րուն ձեռ­քով կու գան ա­նոնք։

Ժան Ժագ Ռու­սօ իր «Է­միլ» գոր­ծին մէջ ալ կ՚ը­սէ, թէ՝ մա­նուկ­նե­րուն ո­րոշ գի­տե­լիք­ներ ո­րոշ տա­րի­քէ մը վերջ պէտք է ու­սու­ցա­նել, մա­նա­ւանդ վե­րա­ցա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, քա­նի որ մա­նուկ­ներ ան­ժա­մա­նակ ու­սու­ցու­մով կրնան սխալ տպա­ւո­րուիլ եւ այդ գի­տու­թիւ­նը վնաս կը պատ­ճա­ռէ ա­նոնց մտա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման, փո­խա­նակ օ­գու­տի։ Ու­րեմն ա­նաս­տուա­ծու­թեան գա­ղա­փարն ալ պէտք է մտա­յին ո­րոշ կազ­մա­ւոր­ման վի­ճա­կէ մը վերջ ու­սում­նա­սի­րել եւ բաղ­դա­տու­թեան եզր կա­րե­նալ գտնել ճշմա­րի­տին եւ սու­տին, շի­տա­կին ու սխա­լին մի­ջեւ…։

Այս շե­ղու­մէն ետք շա­րու­նա­կենք խոր-հըրդա­ծել ա­նաս­տուա­ծու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն մա­սին։

Ուս­տի ա­նաս­տուա­ծու­թիւ­նը յա­ճախ կը հիմ­նուի «մարդ­կա­յին ինք­նիշ­խա­նու­թեան թիւր յղա­ցում»ի մը վրայ՝ որ կը հաս­նի մին­չեւ իսկ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ ա­մէն «կա­խեալ ըլ­լալ»ու, կա­խում ու­նե­նա­լու ի­րա­կա­նու­թեան մեր­ժու­մի, ու­րա­ցու­մի։ Եւ սա­կայն Աս­տու­ծոյ ճա­նա­չու­մը ո՛չ մէկ կեր­պով մը հա­կադ­րուի մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, քա­նի որ այս ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ մէջ իսկ իր հիմ­քը եւ իր լրու­մը կը գտնէ։

Ե­րե­ղե­ցին եւ ա­նոր ար­դա՛ր պաշ­տօ­նեա­ն լա՛ւ գի­տէ, թէ իր պատ­գա­մը հաշտ ու հա­մա­ձայն է մարդ­կա­յին սրտին գաղտ­նի խոր­քե­րուն հետ՝ ուր կը գտնուի խիղ­ճը։ Ա­ւե­լոր­դա­պաշ­տու­թիւնն ալ ե­թէ ո՛չ ա­նաս­տուա­ծու­թիւն, բայց «շե­ղո՛ւմ» մըն է ճշմա­րիտ աս­տուած­պաշ­տու­թե­նէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2015