ՎՐԱՍՏԱՆԻ՝ ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Վրաստանի մէջ յետընտրական կարճատեւ խմորումներէ ետք, երբ կը թուէր, թէ հանրային յուզումներու ալիքը դէպի մարում կ՚երթայ, ներքաղաքական իրավիճակը կրկին ահագնացաւ: Թիֆլիզ ցնցումներու մէջ է: Ուսումնասիրութիւններու լայն դաշտ մը բացուած է հոգեբաններուն, հասարակագէտներուն ու մարդաբաններուն առջեւ, թէպէտ վերջիններուս աւագ գործընկերները նման աշխատանքի գործնական փորձ բաւականաչափ կուտակած են՝ շարք մը երկիրներու մէջ յաջողելով ազդել մարդոց վարքագծի եւ հոգեբանութեան վրայ։
Վերջին շրջանին ակնյայտ դարձաւ որ ամենապարզունակ հնարքներով կարելի է պարբերաբար ամբոխը ներշնչել, փողոցային պայքարի անոր ոգին բարձրացնել եւ սա կ՚իրագործուի այնպիսի տեսարաններու միջոցով, ինչպիսիք են, օրինակ, ոստիկաններու առջեւ համբուրուիլը, նոյն ոստիկաններուն ծաղիկներ նուիրելը, կրկնուող կարգախօսներ հնչեցնելը (հոգ չէ, թէ՝ անիմաստ), խրոխտ երաժշտութիւնը, երգերը եւ այլն: Ասոնք նոյնանման, կարծես «երկուորեակ» դիպաշարեր են, որոնք տեսած ենք Ուքրայնայի, Հայաստանի, արաբական երկիրներու, իսկ հիմա նաեւ Վրաստանի մէջ՝ երկրորդ անգամ:
Այս բոլորը դատելով, դժուար չէ կռահել, որ տարբեր պետութիւններու կամ գոնէ անոնց մեծ մասին մէջ տեղի ունեցող յեղափոխական շարժումներուն նախագիծերն ու գործողութիւններու ճանապարհային քարտէսները ընդհանուր կեդրոնի մը մէջ կը մշակուին, ուրկէ ալ յետոյ կը համակարգուի բուն նախագծի իրականացման ընթացքը:
Համոզուելու համար պէտք չէ հեռու երթալ. դիտարկենք «Երեւան-2018» եւ «Թիֆլիզ-2024» դիպաշարերը, որոնք ինչ-որ փուլի մէջ ուղեկցուած էին ծաղկեպսակներու եւ դագաղներու ցուցադրութեան տեսքով: Հայաստանի մէջ ասոր յաջորդած էր մերժուող Սերժի եւ ուսապարկով Նիկոլի հանդիպումը, որմէ շատ չանցած՝ Հայաստանի երրորդ նախագահը հրաժարական տուած էր «Նիկոլը ճիշդ էր, ես սխալեցայ» յայտարարութեամբ։
…Ամբոխներու հոգեբանութեան երեւոյթը լաւագոյնս նկարագրուած է Կուսթաւ լը Պոնի եւ Զիկմունտ Ֆրոյտի աշխատութիւններուն մէջ, որոնց վրայէն անցած է աւելի քան հարիւր տարի եւ այդ ընթացքին գիտութիւնը հսկայաքայլ առաջ գացած է, երբ ամբոխի հոգեկերտուածքին մէջ գրեթէ ոչինչ փոխուած է: Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ 1968-ի ուսանողական ապստամբութիւնները, կարծես թէ, լաւ փորձադաշտ էին յանուն արդար պայքարի՝ անսխալ մարտավարութիւն որդեգրելու ուղղութեամբ: Ցաւօք՝ ամբոխը ունակ չէ դասեր քաղել ուրիշի կամ իր սխալներէն:
Գոնէ հիմա պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ովքեր էին 2018-ի «Յեղափոխութեան» դիպաշարի հեղինակները, պատուիրատուներն ու միւս օժանդակ ուժերը, որոնց, ի դէպ, պէտք չէ մեղադրել, քանզի անոնց գործունէութիւնը մաս կը կազմէ աշխարհաքաղաքական խաղի կանոններէն եւ պէտք է խոստովանիլ, որ անոնք փայլուն ձեւով կը կատարեն իրենց ծառայութիւնը։ Իսկ եթէ կան անձինք, որոնց թոյլ տուած թերացումներուն ու անգործունակութեան համար կշտամբելը տեղին է, ապա` մեր ազգային ընտրախաւերն են անոնք, որոնք ի զօրու չեն սեփական ժողովուրդը պետական շահի հրամայականին շուրջ համախմբել եւ այդ ուղղութեամբ անոր հետ հետեւողական աշխատանք մը տանիլ։
Ըստ էութեան՝ այդպիսին էր իրադրութիւնը թէ՛ 2018-ի Հայաստանին, թէ՛ այսօր՝ 2024-ի Վրաստանին մէջ: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ մեզ մօտ «համապատասխան» անձի հարցը կանխաւ լուծուած էր, իսկ դրացի երկրին մէջ դեռ նոր կը փնտռեն «վրացական Նիկոլը», որուն տեսականիի պակաս չկայ Հայաստանի մէջ. միայն Ազգային ժողովէն ներս առնուազն 70 յարմար թեկնածու կարելի է գտնել, այնպէս որ կ՚օգնենք անհրաժեշտութեան պարագային։ Հապա ո՞ր օրուան հարեւանն ենք:
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի