ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ռազմական խորհրդական զօրավար Ֆապիէն Մանտոյի հետ։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներուն շուրջ։

Քննարկուեցան նաեւ Երեւան-Փարիզ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024