ԹՐԱՄՓԻ ՄԻՏՔԸ ՅՍՏԱԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանալին Թուրքիոյ ձեռքն է։ «Սուրիոյ բանալին Թուրքիոյ ձեռքը պիտի ըլլայ։ Չէք լսած ոեւէ մէկը այս բանը ըսած ըլլայ, սակայն, սա այսպէս է։ Թուրքիա շատ մեծ ուժ մըն է», ըսաւ Թրամփ։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ ինք շատ լաւ կը հասկցուի, շատ խելացի մէկն է ու շատ մեծ ռազմական ուժ մը ունի։ «Շատ հզօր, ազդու բանակ մը կառուցած է», ընդգծեց Տանըլտ Թրամփ։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Տանըլտ Թրամփ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի տապալման ետեւը կանգնած է Թուրքիան։ Իր խօսքով՝ ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը տիրէ մեծ անորոշութիւն եւ ապագային այդ երկրէն ներս պատահելիքներու բանալին կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։

Անկեալ նախագահ Էսատը «մսավաճառ» որակելէ վերջ Թրամփ շարունակեց. «Անոնք, որոնք Սուրիոյ մէջ ղեկավարութիւնը ձեռք անցուցած են, Թուրքիոյ կողմէ կը հակակշռուին։ Սա խնդիր մը չէ, Թուրքիա հակակշիռը ձեռք անցուցած է՝ առանց աւելի մահի»։ Բաց աստի, Թրամփ ընդգծեց, որ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ կը կարողանայ աւելի ազդու ըլլալ Սուրիոյ մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՖԻՏԱՆ

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա չ՚ակնկալեր՝ Սուրիոյ մէջ ամսուան մը ընթացքին Զուիցերիոյ նման ժողովրդավարութեան մը ստեղծուիլը։ Նախարարը շեշտեց, որ Անգարա ծրագիր մը մշակած է, որպէսզի Սուրիայէ ներս ՓՔՔ-ԵՓԿ-էն չէզոքանայ։ Ֆիտան հերքեց լուրերը, ըստ որոնց, Թուրքիա պատճառ դարձած է Պեշար Էսատի անկման։ Անդրադառնալով Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն, Ֆիտան ըսաւ. «Պիտի նայինք իրենց առնելիք քայլերուն»։ Նախարարը առանձնապէս կարեւորեց՝ նոր ղեկավարութեան ահաբեկչութեան հետ չշփուիլը, փոքրամասնութիւններու դէմ վատ վերաբերմունք չցուցաբերելը եւ կանանց իրաւունքներու նկատմամբ վերաբերմունքը։ «Ցարդ որեւէ գանգատ չնկատեցինք, սակայն, ամէն ինչ շատ նոր է», ընդգծած է Հաքան Ֆիտան «Հիւրրիյէթ»ի հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ։

Կը հաղորդուի, որ այսօր կը սկսի Դամասկոսի միջազգային օդակայանի վերագործարկումը։ Օդակայանի վերջին ուղեւորը եղած էր անկեալ նախագահ Պեշար Էսատ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2024